Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց 2023 տարուան անհատական ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ, երբ տեղի ունեցան կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները:
Աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ), որ աւարտական մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մարիամ Հապաշը (Ահլի Սայտա):
Կիսաւարտականին Սահակեան 4-1 արդիւնքով յաղթեց Լեթիսիա Ազարին (Անդրանիկ Պէյրութ), իսկ Հապաշ յաղթանակ արձանագրեց Թալիա Ազարի (Անդրանիկ Պէյրութ) դէմ, 4-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ Սահակեան այսպիսով 13-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներուն կողմէ:


