Այսօր` չորեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի ակումբին մէջ (Քասլիք), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 15-16 սեպտեմբերին վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունենալիք Լիբանան-Ժամայքա մրցումներուն, որոնք կ՛իյնան «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
Երկու կազմերը առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման կու գան:
Նշուեցաւ, որ այս մրցումները տեղի պիտի ունենան հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասի: