Ուրարտու-Երեւանի եւ Ալաշկերտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեան հեռացաւ ռուսական Քուպան ֆութպոլի ակումբէն:
Պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Գրիգորեան, որ Քուպանի մարզիչ նշանակուեցաւ նախորդ 17 մայիսին, իր կազմին հետ 12 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 2 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրեց 7 պարտութիւն:
Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Քուպան 5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:


