Իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի հեռացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն եւ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց քաթարեան Արապիի հետ:
Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար մայրաքաղաքի կազմը պիտի ստանայ 45 միլիոն եւրօ:
Մարքօ Վերաթթի, որ փարիզեան խումբին մաս կը կազմէ 2012-էն ի վեր, այս տարեշրջանին ցարդ որեւէ մրցումի իր մասնակցութիւնը չբերաւ:
«Թրանսֆերմարքթ»-ի համաձայն, անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով: