Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայերն Միւնիխի «Ալիանց Արենա» մարզադաշտին մօտ տեղադրուեցաւ ակումբին անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Կերտ Միւլըրի արձանը:
Գերմանացի ֆութպոլիստը մահացաւ 2021-ին` 75 տարեկան հասակին:
Միւլըր, որ Պայերն Միւնիխի մաս կազմած է 1964-1979 ժամանակամիջոցին, չորս անգամ հանդիսացած է Գերմանիոյ ախոյեան, բաժակակիր եւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մրցաշարքի եռակի բաժակակիր:
Իսկ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան հանդիսացած է աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ տիրացած է «Ոսկիէ գնդակ»-ի եւ «Ոսկիէ խաղակօշիկ»-ի մրցանակներուն: