Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց նետերլանտցի յառաջապահ Սեմ Հենտրիքսի հետ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
28 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս մաս կազմած է Այաքս Ամսթերտամի գլխաւոր խումբին, ինչպէս նաեւ` անոր երիտասարդական կազմին:
Ան տարբեր առիթներով մաս կազմած է Նետերլանտներու տարբեր տարիքային հաւաքականներուն եւ Նետըրլանտներու երիտասարդական ազգային խումբին հետ իր նորամուտը նշած 20 տարեկանին:
Հենտրիքս, որուն նախկին ակումբն էր Օլիմփիաքոս Նիկոսիան (Կիպրոս), մասնակցած է նաեւ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: