Մարզական

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն 2023-ի Տարեշրջանը Փակեց 19-րդ Յաղթանակով

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն 2023-ի Տարեշրջանը Փակեց 19-րդ Յաղթանակով

Կիրակի օր Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ 2023 տարուան 22-րդ եւ վերջին կրան փրին: «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն (Նետերլանտներ) կրցաւ անգամ մը եւս շահիլ այս մրցումը: Հակառակ անոր որ, առաջին լեփին Շարլ Լըքլեր Ֆեռարիով փորձեց ճնշել, բայց աւելի արագ Ռետ Պուլ ինքնաշարժով Վերշթափըն կրցաւ հեռանալ: Մրցանիշներով հարուստ տարի մըն էր այս տարի, եւ 1953-էն ի վեր առաջին անգամ...

Ֆիֆա 17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Արժանթին – Գերմանիա Ֆրանսա – Մալի

Ֆիֆա 17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Արժանթին – Գերմանիա Ֆրանսա – Մալի

ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած 17 տարեկանէն վար պատանիներու մոնտիալը արդէն իսկ հասած է իր վերջին հանգրուաններուն: Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքը, որ 12-րդ անգամ ըլլալով կը խաղցուի. հասած է կիսաւարտականի հանգրուանին, ուր այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին Արժանթին պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ, մինչ ժամը 14:00-ին Ֆրանսա կը մրցի Մալիի դէմ: Կիսաւարտականի խումբերէն միայն Ֆրանսա նախապէս 2001-ին շահած է պատանիներու մոնտիալը` յաղթելով Նիկերիոյ...

Թենիս.  Իտալիա Շահեցաւ «Տէյվիս» Բաժակը 1976-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով

Թենիս. Իտալիա Շահեցաւ «Տէյվիս» Բաժակը 1976-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով

Մալակայի (Սպանիա) մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի «Տէյվիս» բաժակը, որ ազգային խումբերը կը ներկայացնեն աշխարհի լաւագոյն մարզիկները: 1976-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իտալիա, որ հրաւէրով հասած էր քառորդ աւարտականի, աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրալիան: Առաջին մրցումին, Մաթէօ Առնալտի (Իտալիա), որ աշխարհի թիւ 41 թենիսմենն է, կրցաւ 7-5, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնել աւստրալիացի Ալեքսի Փոփիրինը (թիւ 39): Երկրորդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տեւըն Պուքըրի 3 Կէտերը Օգնեցին Ֆէօնիքսի 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակին

«Էն. Պի. Էյ.» Տեւըն Պուքըրի 3 Կէտերը Օգնեցին Ֆէօնիքսի 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Նիւ Եորքի մէջ, Ֆէօնիքս Սանզ առանց իր թիւ 1 աստղ Քեւըն Տիւրենթի (2-րդ մրցումը ըլլալով վիրաւոր), շնորհիւ Տեւըն Պուքըրի 3 կէտին կրցաւ յաղթական վերադառնալ Նիւ Եորքի Նիքսի Մետիսըն Սքուեր Կարտընէն: Նիւ Եորք Նիքս 3-րդ մասին մօտեցաւ եւ 2 կէտով անցաւ Ֆէօնիքսի, բայց Ֆէօնիքս, որ մրցումի սկիզբը 15 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր, կրցաւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ  Անդրանիկ – ՀՄԸՄ 72-88

Լիբանանեան Պասքեթպոլ Անդրանիկ – ՀՄԸՄ 72-88

Երէկ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը կարեւոր յաղթանակ մը ձեռք ձգեցին, երբ 88-72 արդիւնքով յաղթական վերադարձան Անդրանիկի դէմ մրցումէն: Մրցումը բաւական արագ սկսաւ, եւ ՀՄԸՄ կանուխէն յառաջացաւ, բայց Անդրանիկ հետզհետէ մօտեցաւ, սակայն ի վերջոյ առաջին մասը 22-18 արդիւնքով ՀՄԸՄ յառաջացած էր: Ուոլթըր Հոճ 8 կէտ նշանակեց, իսկ 5-ական կէտ Ճիմի Սալեմ եւ Ժատ Խալիլ, մինչ Տուէյն Ճեքսըն...

Թայքուանտօ.  Կապոյտ Գօտիի Ախոյեանութեան ՀՄԸՄ Պէյրութ 1 Ոսկի, 1 Արծաթ Եւ 4 Պրոնզ Մետալներով Վերադարձաւ

Թայքուանտօ. Կապոյտ Գօտիի Ախոյեանութեան ՀՄԸՄ Պէյրութ 1 Ոսկի, 1 Արծաթ Եւ 4 Պրոնզ Մետալներով Վերադարձաւ

Երէկ «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թայքուանտոյի ֆետերասիոնին կազմակերպած կապոյտ գօտիի ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ 8 մարզիկներով կը մասնակցէր, կրցաւ ոսկի մետալ մը ձեռք ձգել շնորհիւ Հրայր Էմմիեանի: Անճելա Պասիլ ձեռք ձգեց արծաթ մետալ մը, մինչ Ժորժ Պալանեան, Մարիլին Մարուն, Լուքաս Սամահա եւ Շարպէլ Մարուն պրոնզ մետալներ շահեցան:

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Արսենալ Օգտուեցաւ Սիթի Լիվըրփուլ Հաւասարութենէն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Օգտուեցաւ Սիթի Լիվըրփուլ Հաւասարութենէն

Շաբաթ օր «Փրեմիըր լիկ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Լիվըրփուլ կրցաւ հաւասարութեան կոլը նշանակել 80-րդ վայրկեանին, երբ նախապէս Հաալանտ նշանակած էր Մանչեսթըր Սիթիի կոլը 27-րդ վայրկեանին: Ճիշդ է, որ Մանչեսթըր Սիթի աւելի լաւ էր եւ շատ առիթներ կորսնցուց, սակայն Լիվըրփուլ կրցաւ դիմանալ, երբեմն ալ բախտի բերմամբ, մանաւանդ որ բերդապահ Ալիսոնն ալ լաւ մրցում մը չունեցաւ եւ շատ անգամներ սխալ դուրս եկաւ...

Թերի Վենեպըլզ Ոչ Եւս Է

Թերի Վենեպըլզ Ոչ Եւս Է

Երէկ Անգլիոյ նախկին մարզիչ Թերի Վենեպըլզի ընտանիքը յայտնեց, որ 80 տարեկան Թերի մահացած է յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Թոթենհամի նախկին մարզիկ եւ մարզիչ Թերի Վենեպըլզ, որ Պարսելոնան ալ մարզած է (1984-1987), 1994-ին ստանձնած էր Անգլիոյ ազգային խումբը մարզելու պաշտօնը եւ 1996-ին հասած Եւրօ 1996-ի կիսաւարտականին: 6 յունուարի 1943-ին ծնած Թերենս (Թերի) Վենեպըլզ սկսած էր Չելսիի հետ միջնապահ դիրքի վրայ եւ մինչեւ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Կը Հետեւի Տենվըրի…

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կը Հետեւի Տենվըրի…

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Տենվըր Նակեթցի նման Տալաս Մեւրիքս վերջին 10 մրցումներուն կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը: Արդարեւ, Տալաս, որ կը նկատուէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն լաւ յարձակողական խումբերէն, երէկ 37 տոկոս կրցաւ նշանակել, մինչ 3 կէտնոց կողովները, որոնք միշտ վճռական կ՛ըլլային ի նպաստ Տալասի, 23 տոկոս յաջողութիւն ունէին միայն: Տալաս 107-88 արդիւնքով տեղի տուաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` «Էն. Էս. Էյ.» – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` «Էն. Էս. Էյ.» – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 15:00-ին «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին գծով «Էն. Էս. Էյ.» - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անթիլիասի մէջ աղջիկները առաջին մրցումին 55-43 արդիւնքով յաղթանակ մը տարած էին Հոփսի դէմ, մինչ «Էն. Էս. Էյ.» 85-41 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Պէյրութի խումբէն: 2-րդ հանգրուանի առաջին մրցումին, Ռիատի արձանագրած էր իր 2-րդ յաղթանակը`...

Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

Վաղը կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Անդրանիկի խումբին: Ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի փորձեն իրենց յաջորդական երկրորդ յաղթանակը ձեռք ձգել Անթունիէի դէմ անցեալ շաբթուան գեղեցիկ ելոյթէն ետք: Առանց Ուոլթըր Հոճի, տղաքը բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցան, եւ շնորհիւ Կերի Չիւիչեանի, Ժերար Հատիտեանի, Ժատ Խալիլի եւ Ճիմի...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Վաղը` Եուվենթուս – Ինթեր Միլան

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Վաղը` Եուվենթուս – Ինթեր Միլան

Այսօր, «Փրեմիեր լիկ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով «գագաթի մրցում»-ը` իրար դէմ պիտի հանէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին (առաջին) եւ Լիվըրփոլը (երկրորդ): 1 կէտի առաւելութիւն ունեցող Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա յոյսով է, որ կրնայ դաշտ ներկայանալ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի հետ: Հաալանտ Նորվեկիոյ ազգային խումբին հետ մէկ ելոյթին վիրաւորուած էր, բայց քանի մը օրէ ան թեթեւ վազքերու կը մասնակցի: Քեվըն տը Պրունյը...

Հաալանտ Եւ Էմպափէ` Ռէալ Մատրիտի «Հսկողութեան Տակ»

Հաալանտ Եւ Էմպափէ` Ռէալ Մատրիտի «Հսկողութեան Տակ»

Ըստ երեւոյթին, Սպանիոյ «հսկաներէն» Ռէալ Մատրիտ մտադիր է 2000-ականներուն նման աստղերով «կալաքթիքօ» խումբ մը պատրաստել, երբ վերջերս որոշ գումար որոշած է յատկացնել Հաալանտ-Էմպափէ զոյգին համար, ըստ սպանական «Տիարիօ Աս»-ի տեղեկութեան: Ռէալ 430 միլիոն ամ. տոլարի պիւտճէ մը ունի եւ կ՛ուզէ լաւապէս օգտուիլ ատկէ յառաջիկայ 6-7 տարիներուն:  

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն` Շաբթուան Լաւագոյն Խումբը. Եոքիչ` Լաւագոյն Մարզիկը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն` Շաբթուան Լաւագոյն Խումբը. Եոքիչ` Լաւագոյն Մարզիկը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 5-րդ շաբթուան մրցումներէն ետք, Պոսթըն Սելթիքս, որ անցեալ շաբաթ 4-րդ դիրքը կը գրաւէր, այժմ բարձրացած է առաջին դիրք: Սելթիքս առաջին խումբն էր, որ 10 յաղթանակ արձանագրած էր, եւ խումբը առաջին դիրքը կը գրաւէ լաւագոյն պաշտպանողական խումբերու դասաւորման մէջ: Երկրորդ դիրքը պահեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ Պոսթընի ետին, բայց անոր հիմնական ուժը յարձակողականն է: Տեւըն Պուքըր, Ռուտի Կոպեր եւ Քարլ...

Արաս Օզպիլիս Լքեց Ֆութպոլի Ասպարէզը

Արաս Օզպիլիս Լքեց Ֆութպոլի Ասպարէզը

Հայաստանի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Արաս Օզպիլիս երէկ յայտարարեց, որ կը լքէ իր ֆութպոլի ասպարէզը: Ան մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպած էր այս գծով: Խօսելէ ետք իր անցած ֆութպոլի ասպարէզին մասին` ան խոստովանեցաւ, որ 2014-ին աւարտած էր իր ասպարէզը, երբ ծունկին ետեւի կապերուն գործողութենէն ետք իր նախկին մակարդակը չկրցաւ վերագտնել: «Կ՛աւարտեմ իմ ֆութպոլիստի ասպարէզս: Ֆութպոլը միշտ եղած է իմ ամէնէն կարեւոր...

Եւրօ 2024.  Զտումի Մրցումները Աւարտեցան. Կը Մնան Փլէյ-Օֆի 3 Խումբերը

Եւրօ 2024. Զտումի Մրցումները Աւարտեցան. Կը Մնան Փլէյ-Օֆի 3 Խումբերը

Երէկ, Նիոնի մէջ տեղի ունեցան 2024-ի ամրան տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան` Եւրօ 2024-ի զտումի փլէյ-օֆի ճակատումներու վիճակաձգութիւնները. 12 խումբեր զատուեցան, որոնց 7-ն միայն 3-րդ դիրքը գրաւող խումբի էին: Խումբերը ընտրուեցան ըստ իրենց ձեռք ձգած արդիւնքներուն` «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին, որ շահած էր Սպանիան: Այդ պատճառով ալ, կան խումբեր, որոնք զտումի իրենց խմբակներու վերջին դիրքը գրաւած են, ինչպէս` Էսթոնիան, որ «Ազգերու լիկա»-ին...

Ծանրաբարձութիւն.  Գարիկ Կարապետեան 20 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Գարիկ Կարապետեան 20 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեան

Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեան, 102 քկ կշիռի Գարիկ Կարապետեան ոսկի մետալ շահեցաւ 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Կուատալախարայի մէջ, Մեքսիքօ: Արդարեւ, Գարիկ Կարապետեան 175 քկ բարձրացուց արաշէի մրցումին, եւ 203 քկ Էփոլէ-Ժըթէի մրցումին, ընդհանուր հաշիւով ալ 378 քկ արդիւնք մը ձեռք ձգելով: (Արաշէն` ոսկի պզտիկ մետալ + էփոլէ-ժըթէ ոսկի պզտիկ մետալ): Ասիկա Հայաստանի երրորդ ոսկի մետալն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն Եւ Տալաս Կարեւոր Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Եւ Տալաս Կարեւոր Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Պոսթըն Սելթիքս շարունակեց իր յաջող ընթացքը` 119-116 արդիւնքով պարտութեան մատնելով արեւելեան շրջանի իր մրցակիցներէն Միլուոքի Պաքսը: Հակառակ հիւանդ ըլլալուն, Ճէյսըն Թէյթըմ իր կարելին ըրաւ, առնուազն քիչ մը ուշացնելով յոյն մրցակից Եանիս Անթեթոքումփոն: Թէյթըմ նշանակեց 23 կէտ եւ ձեռք ձգեց 11 ռիպաունտ, մինչ Ճէյլըն Պրաուն (26 կէտ եւ 8 էսիսթ) եւ Քրիսթափս Փորզինկիս (21...

Պայերն Միւնիխ Կը Մտածէ Ձգել Վարանը, Իսկ Եունայթըտ` Կրիզմանը

Պայերն Միւնիխ Կը Մտածէ Ձգել Վարանը, Իսկ Եունայթըտ` Կրիզմանը

Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխ ակումբը լրջօրէն կը մտածէ ձեռք ձգել յետսապահ մը, որմէ կրնայ օգտուիլ ձմեռնային փոխանցումներու առիթէն: Քանի մը օր առաջ հետաքրքրուելէ ետք Արսենալի ճափոնցի յետսապահ Թաքեհիրօ Թոմիյասուով, երէկ Արսենալ կապուեցաւ գերմանական ակումբին, թէ չի մտածեր «ծախել» Թոմիյասուն: 25 տարեկան ճափոնցի պաշտպանը կրնայ խաղալ որեւէ դիրքի վրայ` ձախէն աջ, եւ նոյնիսկ կեդրոնի պաշտպան, դիրք մը, որ կը խաղայ ազգային խումբին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Մարիսթ – Ռիատի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր ժամը 21:45-ին, ուր Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ Մարիսթ կը հիւրընկալէ ախոյեան Ռիատին: Մարիսթ իր 4 մրցումներուն կրցած է յաղթել ՀՄԸՄ-ի, Մէյրուպայի եւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի եւ պարտութիւն մը կրած Պէյրութէն: Ռիատի իր 4 մրցումներուն կրցած է յաղթել Մէյրուպայի, «Էն. Էս. Էյ.»-ի եւ Անդրանիկի եւ պարտութիւն մը կրած` Անթունիէէն: Վաղը կը շարունակուին...

Page 240 of 1281 1 … 239 240 241 … 1,281

Արխիւներ