Սուրիա 5-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ճափոնէն
Երէկ 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով, Ասիոյ գօտիի Թ. խմբակին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պանկլատեշի հետ, Տաքքայի մէջ:
Բ. կիսախաղի 67-րդ վայրկեանին պահեստի մարզիկ Մաժետ Օսման օգտուեցաւ մրցակից բերդապահ-պաշտպան անհասկացողութենէ, Նատեր Մաթարի փոխանցումէն ետք, նշանակելով Լիբանանի կոլը: 4 վայրկեան ետք, Շեխ Մորսալին նշանակեց Պանկլատեշի հաւասարութեան կոլը մեծ քառակուսիէն դուրսէն հարուածով մը` Մուսթաֆա Մաթարի բերդին մէջ:
Լիբանան իր առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Պաղեստինի հետ, մինչ Պանկլատեշ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրած էր Աւստրալիոյ դէմ մրցումին: Երէկ Աւստրալիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պաղեստինի դէմ:
Սուրիոյ ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա)` Ճափոնի դէմ մրցումին: Ապահովութեան պատճառով Սուրիա իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումները Սէուտական Արաբիոյ մէջ կը կատարէ, մինչ Լիբանան` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Սուրիոյ ազգային խումբէն կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Մարտիկ Մարտիկեան, որ 2 առիթով վտանգեց Ճափոնի բերդը: Սուրիա իր առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Հիւսիսային Քորէայի դէմ մրցումին, ուր Մարտիկեան դաշտ ներկայացած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ: Խումբին մարզիչն է արժանթինցի Հեքթոր Քուփըր, որ նախապէս մարզած է Վալենսիայի, Ինթեր Միլանի, Ռէալ Պեթիսի եւ Փարմայի նման խումբեր: Ան 2015-էն 2018 մարզած է նաեւ Եգիպտոսի ազգային խումբը:


