Երէկ Ինտոնեզիոյ մէջ շարունակուեցաւ ՖԻՖԱ-ի 17 տարեկանէն վար մոնտիալը: 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Մալի 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Մեքսիքան: Մահմուտ Պերի (2), Իպրահիմ Տիարրա, Իպրահիմ Քանաթէ եւ Անկէ Մարսիալ Թիա նշանակեցին Մալիի կոլերը: Քառորդ աւարտականին, Մալի պիտի մրցի Մարոքի դէմ, որ Իրանի դէմ մրցումի վերջին վայրկեանին կոլ մը նշանակեց շնորհիւ Նասիմ Ազաուզիի` հաւասարեցնելով արդիւնքը: Նախապէս, 73-րդ վայրկեանին Էսմայիլ Ղոլիզատէ Սամիան նշանակած էր Իրանի կոլը: Յետ երակարձգման, արդիւնքը անփոփոխ մնալով, դիմուեցաւ փենալթիներու, ուր Մարոք կրցաւ իր 4 փենալթիները նշանակել, մինչ Իրան կրցաւ միայն 1-ը կոլի վերածել:
Արժանթինի պատանիները 5-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին Վենեզուելլայի դէմ: Լուիս Ֆրանսիսքօ Պալպօ Վիէյրա (սխալմամբ բերդին մէջ), Սանթիակօ Լոփես Քլաուտիօ Էչեվերի, Ակուսթին Ֆապիան Ռուպերթօ (փենալթիով, 70-րդ վայրկեանին, ապա 78-րդ վայրկեանին) նշանակեցին Արժանթինի կոլերը: 69-րդ վայրկեանին Վենեզուելլայի պաշտպան Փապլօ-Անտրես Իպարրա Ռիվաս կարմիր քարտ ստացած էր եւ փենալթիի պատճառ դարձած:
Քառորդ աւարտականին Արժանթին պիտի մրցի Պրազիլի դէմ: Գերմանիոյ պատանիները 3-2 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարին Միացեալ Նահանգներու դէմ մրցումին: 14-րդ վայրկեանին Շարլ Քուապլան Հերման նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը: 24-րդ վայրկեանին Թահա Հապրուն արդիւնքը հաւասարեցուց: 34-րդ վայրկեանին Գերմանիա անգամ մը եւս յառաջ անցաւ` շնորհիւ Մաքս Մորշթէտի: 80-րդ վայրկեանին, Միացեալ Նահանգներ կրկին անգամ հաւաստիացուցին արդիւնքը շնորհիւ Տէյվիտ Վասքեզի: 87-րդ վայրկեանին Պիլալ Եալչընքայա նշանակեց Գերմանիոյ յաղթանակի կոլը:
Քառորդ աւարտականին Գերմանիա պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ, որ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր Ճափոնը:
Այսօր տեղի կ՛ունենան 1/8-րդ հանգրուանի վերջին երկու մրցումները, ուր Անգլիա կը մրցի Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ Ֆրանսա` Սենեկալի: Յաղթականները կը մրցին իրարու դէմ` քառորդ աւարտականին:


