Երէկ առաւօտ տեղի ունեցան 2026-ի մոնտիալի զտումին գծով Հարաւային Ամերիկայի գօտիի 5-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պարանքիյայի մէջ, Քոլոմպիա, որ կը հիւրընկալէր Պրազիլը, առաջին կիսախաղին ետ մնալէ ետք 1-0 արդիւնքով, կրցաւ 2 կոլ նշանակել շնորհիւ Լուիս Տիասի 75-րդ եւ 79-րդ վայրկեաններուն: Տիաս 10 անգամ վտանգեց եւ հարուածեց իր Լիվըրփուլի խմբակից Ալիսոնի բերդին վրայ որ շատ անգամներ զսպեց իր ընկերոջ գնդակները:
Տիաս իր կոլերը նուիրեց իր հօրը, որ քանի մը շաբաթ առաջ առեւանգուած էր: Պրազիլ, որ իր վերջին 3 մրցումներուն յաղթանակ չէ արձանագրած, երեքշաբթի գիշեր Մարաքանայի մէջ պիտի հիւրընկալէ աշխարհի ախոյեան Արժանթինը:
Արժանթին եւ Մեսսի իրենց դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեցին Ուրուկուէյէն:
Արաուխօ նշանակեց Ուրուկուէյի առաջին կոլը, մինչ Տարուին Նունիես աւելցուց 2-րդը: Շատ տաք մրցում մը եղաւ, ուր իրաւարարը 7 անգամ դեղին քարտ գործածեց մրցումը կառավարելու համար: