Ֆրանսայի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, որ մէկ ամիս ետք կը տօնէ իր 25-րդ տարեդարձը, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ասպարէզին ընթացքին 300 կոլ նշանակելը քիչ մը ծիծաղելի է, մինչ այլ ֆութպոլիստներ 800-էն 850-ի հասած է իրենց կոլերու հաշիւը:
Շաբաթ օր Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ Էմպափէ 3 կոլ նշանակած էր եւ կոտրած մրցանիշը Մեսիի, Ռոնալտոյի եւ Նէյմարի նման աստղերու, որոնք բոլորն ալ այդ թիւին հասած էին 25 տարեկանէն ետք:
«Այդ ամէնը գործընթացի մէկ մասն է: Պէտք է աշխատիմ եւ շարունակեմ նոյն ձեւով բարելաւել խաղս ակումբիս եւ ազգային խումբիս համար», ըսաւ Էմպափէ:
Յիշեցնենք որ շաբաթ օր Ֆրանսայի ազգային խումբը, Եւրոպայի ախոյեանութեան 2024-ի զտումի մրցումներուն գծով 14-0 արդիւնքով պատմական արդիւնք մը արձանագրեց Ճիպրալթարի դէմ: