Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի 22 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներու վերջին օրը, 57 քկ կշիռի աւարտականին Ռուսլան Ասլիքեան 4-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ իր ազրպէյճանցի մրցակից Ազրաք Պապիրովի վրայ եւ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստան նուաճեց 6 մետալ` 2 ոսկի, 1 արծաթ եւ 3 պրոնզ:
Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր նաեւ Էլիտա Քոչարեան, ինչպէս երէկ նշած էինք: Ռուտոլֆ Կարպոյեան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան, իսկ Սոնա Յարութիւնեան Էրիք Իսրայէլեան եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան տիրացան պրոնզ մետալներու:
40 քկ կշիռի աւարտականին, Մուշեղ Պայանտուրեան (Ռուսիա) դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին յաղթելով պուլկար Էրկիունալ Սեպահթինի, մինչ 54 քկ կշիռի աւարտականին, Անտրէ Փեհլիվանեան (Ռուսիա) 4-1 արդիւնքով յաղթեց այլ պուլկարի մը` Եասեն Ռատեւի, դառնալով Եւրոպայի ախոյեան:


