Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Շիյահի մէջ Պէյրութ 87-89 արդիւնքով եւ… 2 մարզիկով աւարտեց մրցումը:
Արդարեւ, մրցումի աւարտէն մօտաւոր 5 վայրկեան առաջ (երբ Սաժես 76-71 յառաջացած էր), Ալի Հայտար (Պէյրութ) եւ Քարիմ Իզզէտտին (Սաժես) իրարու հետ կռուեցան, եւ երկու խումբերու պահեստի մարզիկները դաշտ մտան կռիւը ընդարձակելու կամ… չընդարձակելու համար: Բան մը, որ ստիպեց իրաւարարը, որ մրցումէն դուրս դնէ բոլոր անոնք, որոնք մուտք գործեցին դաշտ… Վերջին 5 վայրկեանին, երկու խումբերը 4-ական մարզիկներով շարունակեցին, եւ աւելի ուշ` երբ Պէյրութի մարզիկներ Ալի Մըզհեր եւ Սերճիօ Տարուիշ ֆաուլեր կատարեցին, դուրս ելան… մնալով 2 մարզիկ ընդդէմ Սաժեսի 4-ին, երբ արդէն 4 երկվայրկեան կար մրցումին: