Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակըլզման շատ լաւատես կը թուի ըլլալ, երբ այսօրուան Աւստրիոյ դէմ բարեկամական մրցումի նախօրեակին կ՛ըսէ. «Գերմանիոյ յաջողութեան բանալին պիտի ըլայ հաւատալը դրական խաղաոճին»:
Գերմանիա, որ 2024-ի եւրոյի հիւրընկալ երկիրն է, վերջերս շատ ձախող ելոյթներ կը ցուցաբերէ, մանաւանդ շաբաթ օրուան 3-2 արդիւնքով պարտութիւնը` Թուրքիոյ դէմ մրցումին, որ եղաւ Նակըլզմանի առաջին մրցումը` Գերմանիոյ մէջ:
«Պէտք է համոզուիս մեր ուղիին եւ դաշտ ներկայանալով դրական ֆութպոլ խաղաս, ապա դրական Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարք մը ունենաս: Լաւ զգացում ունենալուն մէջ է գաղտնիքը` յաղթանակի: Անշուշտ լաւ խաղալն ալ կարեւոր է: Գաղափարին հաւատալը եւ շարունակել այդ գաղափարը», ըսաւ Նակըլզման:
Գերմանիա պէտք է լաւ ելոյթ մը ունենայ, քիչ մը «հաշտուելու» համար համակիրներուն հետ, մրցումի մը, որ պիտի ըլլայ վերջինը` այս տարուան:
«Միշտ նախընտրելի է յաղթելը, որովհետեւ յստակ է, որ երբ պարտուիս, ամէն ինչ մութ կ՛ըլլայ: Բայց իմաստ չունի ամէն ինչ սեւ ներկել եւ ժխտական դիտել: 4 ամիս առանց փորձի (Գերմանիոյ ազգային խումբին համար) շատ երկար է, բայց պէտք է մենք մեզի համոզենք», աւելցուց գերմանացի մարզիչը:


