Առնհէմի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցաւ Քիոքուշինի ֆետերասիոնին կազմակերպած 4-րդ Քիոքուշին քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը, Քումիթէի եւ Քաթայի մրցումներուն մէջ:
Հայաստանի մարզիկները աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցեցան Սպարտակ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ:
Աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին արժանացաւ Արէն Խուտեան: Արծաթ մետալ շահեցաւ Յովհաննէս Մալաջեան: Պրոնզ մետալներ շահեցան Դաւիթ Ասատուրեան, Քաջիկ Ոսկանեան եւ Գոռ Կիրակոսեան:





