Այսօր Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 13:45-ին, Լիբանանի ազգային խումբը պիտի ըլլայ հիւրը Պանկլատեշի, մոնտիալի զտումի գծով իր 2-րդ մրցումին:
Առաջին մրցումին, Լիբանան ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտեց Պաղեստինի հետ իր մրցումը, մինչ Պանկլատեշ 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Աւստրալիոյ դէմ մրցումին:
Ազգային խումբի մարզիչ Նիքոլա Եուրսեւիչ յայտնեց, որ մրցակից Պանկլատեշը, հակառակ ծանր պարտութեան` իր առաջին մրցումին, բաւական արագ խումբ է, շատ մեծ պայքարի ոգիով կը խաղայ եւ ֆիզիքական ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, իր սպանացի մարզիչ Խաւիէ Քապրերայի ժամանումէն ետք բարելաւած է իր խաղաոճը:
Նոյն ժամանակ ան կը կարծէ, թէ Լիբանան կրնայ դրական արդիւնքով դուրս գալ այս մրցումի աւարտին: