
«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ այժմու լաւագոյն խումբը` Պոսթըն Սելթիքս, իր 14-րդ մրցումին 3-րդ պարտութիւնը կրեց Չարլոթ Հորնեթցի դաշտին մէջ, Նորթ Քարոլայնա:
Մրցումին 48 վայրկեանները աւարտեցան 108-108 արդիւնքով, սակայն երկարաձգումին Պոսթըն 10 կէտ նշանակեց, մինչ Չարլոթ` 13:
Ճէյսըն Թէյթըմ նշանակեց 45 կէտ, բայց կորսնցուց ազատ հարուած մը` 5,2 երկվայրկեան մնացած, երբ արդիւնքը կրնար հաւասարեցնել 119-119-ի, 3 կէտնոց կողով մը նշանակելու ժամանակ ֆաուլի ենթարկուելէ ետք: Առաջին 2-ը նշանակեց, բայց 3-րդը` ոչ: «Չէի կրնար հաւատալ, թէ ինչպէ՛ս կորսնցուցի այդ առիթը: Լաւ զգացում ունէի, բայց դժբախտաբար գնդակը չմտաւ», ըսաւ Ճէյսըն մրցումի աւարտին:
Ան աւելի դժգոհ էր, թէ ինչպէս 11 կէտի առաւելութիւն ունենալով, Սելթիքս վերջին 6 վայրկեաններուն ղեկը կորսնցուց:
Մայլզ Պրիճզ 586 օր ետք առաջին անգամ ըլլալով հիմնական կազմէն կը խաղար Չարլոթի հետ, եւ իր վրան դրուած յոյսերը իրականացուց: Ան 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` յաւելեալ վայրկեաններուն նշանակելով Հորնեթցի յաղթանակի կէտերը, 121-118-ի դարձնելով արդիւնքը, աւարտին 6 երկվայրկեան մնացած:
Լա Մելօ Պոլ 36 կէտ նշանակեց, ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ, մինչ Կորտըն Հէյուըրտ աւելցուց 20 կէտ ի նպաստ Հորնեթցի, որ 18 կէտով ետ մնալէ ետք կրցաւ հասնիլ Պոսթընի, որ 6 յաջորդական մրցումներ յաղթած էր:
Անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց, Տիթրոյիթի մէջ կրցաւ յաղթել տեղւոյն Փիսթընզին, հակառակ անոր որ իր լաւագոյն մարզիկը` Նիքոլա Եոքիչ առաջին կիսախաղին վտարուեցաւ դաշտէն: Վտարուեցաւ նաեւ մարզիչ Մայքըլ Մալոն, որ իրաւարարներու որոշումին դէմ գանգատելով դաշտ մտած էր: Եոքիչի պարագային, 2 թեքնիքըլ ֆաուլ կատարելով ան վտարուած էր դաշտէն, երբ տակաւին 1 վայրկեան եւ 22 երկվայրկեան կար 2-րդ մասի աւարտին:
Եոքիչ 15 վայրկեանի ընթացքին 9 կէտ, 5 էսիսթ եւ 5 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր: Ռեճի Ճեքսըն 21 կէտ եւ 6 էսիսթ կատարեց. Քենթավիուս Քելտուել-Փոփ 20 կէտ եւ Մայքըլ Փորթըր Ճունիըր 14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեցին ի նպաստ Տենվըրի:
Տիթրոյիթէն փայլեցան Քէյտ Քանինկհեմ (27 կէտ եւ 9 էսիսթ) Մարվին Պեկլի (18 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եւ Ճէյտըն Այվի (17 կէտ):
Ուաշինկթընի մէջ, Միլուոքի Պաքս Եանիս Անթեթոքումփոյի գլխաւորութեամբ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ` 142-129 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: «Կրիք Ֆրիք» կոչուած Անթեթոքումփօ (վայրի արտասովոր յոյնը) 42 կէտ նշանակեց (23 հարուածէն 20-ը նշանակելով) 87 տոկոսով յաջողութեամբ, բան մը, որ չէր պատահած 1983-էն ի վեր (Մայք Վուտսըն 24-էն 22-ը նշանակած էր ի նպաստ Քէնսըս Սիթի Քինկզի):
«Անզսպելի», ըսաւ իր մարզիչ Ատրիան Կրիֆին` աւելցնելով. «Պարզապէս անկասելի է»: Անթեթոքումփօ սակայն շատ վստահ չէր: «Երանի այնքան դիւրին ըլլար: Երանի կարենայի ամէն մրցումի իջնել 42 կէտ նշանակել ամէն օր, բայց դժուար է: Շատ ծայրայեղ փորձերու պէտք է հետեւիս եւ աշխատիս հանգիստ մնալ, քու ճկունութիւնդ պահել, տեղդ գրաւել, ընտելանալ դաշտին մէջ` դիւրացնելով խաղընկերներուդ գործը եւ անոնց օգնութեամբ ալ դուն հետերնին ընտելանալու», ըսաւ յոյն մարզիկը:
Միլուոքի չորրորդ յաջորդական յաղթանակն էր այս` մնալով Պոսթընի եւ Ֆիլատելֆիայի հետ` Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբերու եռեակին մէջ:
42 կէտերու կողքին Եանիս 13 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց: Տէմիան Լիլըրտ 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պաքսի: Ճորտըն Փուլ եղաւ Ուաշինկթընի ամէնէն շատ կէտեր նշանակողը` 30 կէտով, մինչ Քայլ Քուզմա 22 կէտ նշանակեց եւ 13 էսիսթ կատարեց:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 121-116
Շիքակօ Պուլզ – Մայեմի Հիթ 100-118
Մինեսոթա Թիմըրվուլվզ – Նիւ Եորք Նիքս 117-100
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 129-93
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 99-124
Չարլոթ Հորնեթց – Պոսթըն Սելթիքս 121-118
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տենվըր Նակեթց 103-107
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս 129-142


