Ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, Հայաստանի ազգային խումբը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Անգլիոյ, Շանթ Սարգիսեան սեւ քարերով առաւելութիւն ունեցաւ Մայքըլ Ատամզի վրայ եւ յաղթական դուրս եկաւ:
Մնացեալ մրցումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտելով Հայաստան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: