Թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ կիրակի գիշեր շահեցաւ թենիսի մասթըրզի մրցաշարքը 7-րդ անգամ ըլլալով` իրագործելով նոր մրցանիշ մը:
Այս մրցաշարքը, որ իրար դէմ կը հանէ աշխարհի 8 լաւագոյն թենիսմենները, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ:
Իտալացի Եանիք Սինըր, որ համակիրներուն քաջալերանքն ալ կը վայելէր, կանաչ խմբակի մրցումներուն կրցած էր յաղթել Ճոքովիչին, բայց աւարտականին գրեթէ անկարելի եղաւ յաղթանակ արձանագրել:
Ճոքովիչ տարին աւարտեց ինչպէս որ սկսաւ` մրցանիշներով: 1 ժամ 43 վայրկեան տեւած մրցումը վերջ գտաւ 6-3, 6-3 արդիւնքով ի նպաստ Ճոքովիչի, որ 36 տարեկանին տակաւին իր լաւագոյն օրերուն մէջ կը գտնուի:
2023-ի բացման կրան շլեմի մրցաշարքին` Աւստրալիոյ մէջ, ան մրցանիշ մը իրագործած էր` շահելով Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը 10-րդ անգամ ըլլալով: Ապա Ռոլան Կարոսի մէջ իր 23-րդ կրան շլեմի տիտղոսը` բարելաւելով Ռաֆայէլ Նատալի մրցանիշը:
Ճոքովիչ, որ Ուիմպըլտընի աւարտականին պարտութիւն մը կրած էր Քարլոս Ալքարասէն, «Եու. Էս. Օփըն»-ն ալ շահած էր Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ:
«Վստահաբար լաւագոյն տարիներէս մէկն էր, անկասկած: Եւ փակելէ ետք այսօրուան յաղթանակով «տեղացի» հերոս Եանիքի դէմ, որ շատ լաւ շաբաթ մը ունեցաւ, հսկայ իրագործում է», ըսաւ Նովաք Ճոքովիչ:
Պէտք է ըսել, որ նոր ժամանակաշրջան մը սկսած է, ուր երիտասարդներ Քարլոս Ալքարաս, Եանիք Սինըր եւ Հոլկըր Ռունէ սկսած են շատ բարձր մակարդակի թենիս խաղալ, անոնց հետ միշտ ներկայ է վեթերան Նովաք Ճոքովիչ, որ իր բարձունքին վրայ կը մնայ եւ 2024-ին ալ իր այս մակարդակով կը խոստանայ մնալ:
Նշենք, որ Մասթըրզի կիսաւարտականին Ճոքովիչ 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթած էր Քարլոս Ալքարասին, մինչ Եանիք Սինըր 6-3, 6-7 եւ 6-1 արդիւնքով` Տանիիլ Մետվետեւին: