Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայերն Միւնիխ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Հասան Քառորդ Աւարտական

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Միւնիխ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Հասան Քառորդ Աւարտական

Երեքշաբթի գիշեր, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ, Պայերն Միւնիխ հաւանաբար տարեշրջանի լաւագոյն մրցումներէն մէկը կատարեց` պարտութեան մատնելով Լացիօ Ռոման 3-0 արդիւնքով: Երթին Հռոմի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտուած Պայերն մրցումի ազդանշանէն ճնշեց մրցակիցին վրայ, սակայն բերդապահ Իվան Փրովետեզ մնաց անդրդուելի: Հերի Քէյն 38-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով նշանակեց մրցումի առաջին կոլը` օգտուելով Ռաֆայել Կերեիրոյի շեղուած հարուածէն, որմէ անմիջապէս ետք Մուսեալա քիչ մնաց...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Այսօր ժամը 21:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը պիտի հիւրընկալեն ախոյեան Ռիատին: ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի վերադառնան դաշտ` յոյսով, որ «զուսպ» ձեւով, մանաւանդ որ խումբը շատ աւելի «հանգիստ ջիղերով» խաղցաւ վերջին մրցումներուն, երբ 14 տարեկանէն վար պատանի համակիրներ գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծած էին դաշտը` իրենց վրայ կեդրոնացնելով տեղական բոլոր լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը: Կրնանք ցոյց տալ,...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Փայլուն  Արդիւնքները

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Փայլուն Արդիւնքները

Շաբաթավերջին շարունակուեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած ճատրակի Լեռնալիբանանի Բ. դասակարգի զտումի մրցումները: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը մասնակցի այս մրցումներուն, շարունակեց իր փայլուն արդիւնքները: Անթիլիասի խումբը պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը (5,5-0,5) եւ Ատապ Ուալ Ռիատան (3,5-2,5): Դասաւորման մէջ, այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը կը գրաւէ Բ. դիրքը: Նոյն պահուն, Պէյրութի Բ. դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ երկու մրցում կատարեց Աուֆիյաա Ռիատիի...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Այնճար Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Այնճար Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Կիրակի օր տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի կազմակերպած Պեքաայի Բ. դասակարգի զտումի մրցումներու առաջին հանգրուանի վերջին մրցումները: ՀՄԸՄ Այնճարի խումբը գրաւեց առաջին դիրքը` ձեռք ձգելով 14 կէտ, եւ շահեցաւ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Կը շնորհաւորենք Այնճարի մեր խումբին տղաքը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն:

Էն. Պի. Էյ.  Պաքս Առանց Եաննիսի  Յաղթեց Քլիփըրզի

Էն. Պի. Էյ. Պաքս Առանց Եաննիսի Յաղթեց Քլիփըրզի

Միլուոքի Պաքս երէկ շատ լաւ մրցում մը ունեցաւ, երբ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը եւ 7 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց նոյնիսկ առանց իր  թիւ 1 աստղ Եաննիս Անթեթոքումփոյի: Տեմիըն Լիլըրտ 41 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի դէմ, որ պահ մը 15 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր: Պաքս «Օլ Սթար»-ի մրցումէն ետք յաջորդական 6-րդ մրցումը ըլլալով կը յաղթէր, եւ ըստ Լիլըրտի, խումբը ցոյց կու տայ,...

Թենիս.  Սիմոնա Հալեփ Կը Վերադառնայ Թենիսի  Աշխարհ` Պատիժի Բեկանումէն Ետք

Թենիս. Սիմոնա Հալեփ Կը Վերադառնայ Թենիսի Աշխարհ` Պատիժի Բեկանումէն Ետք

Ռումանացի թենիսի աստղերէն Սիմոնա Հալեփ, որ նախապէս թիւ 1 դասուած էր 2017-ին եւ շահած «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի բաց մրցաշարքն (2018) ու «Ուիմպըլտըն»-ը (2019-ին), իրաւունք ստացաւ վերադառնալու թենիսի աշխարհ, 2022-ի հոկտեմբերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Արդարեւ, Հալեփ 2:22-ին գործածած էր որոշ դեղ մը, որուն պարունակութիւնը, ըստ քննութիւններու, կրնար օգնել իրեն աւելի աշխուժ խաղալու, եւ այդ պատճառով 4 տարիով կախակայուած էր: Հալեփ...

Աղջկանց 2025-ի Եուրոյի Զտումներ.  Ախոյեան Անգլիա` Դժուար Խմբակի Մէջ

Աղջկանց 2025-ի Եուրոյի Զտումներ. Ախոյեան Անգլիա` Դժուար Խմբակի Մէջ

Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2025-ի աղջկանց Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու վիճակաձգութիւնը: Եւրոպայի ախոյեան Անգլիա դժուար խմբակի մէջ կը գտնուի` իր դէմ ունենալով Ֆրանսան, Շուէտը եւ Իրլանտան: Անգլիա 2022-ին շահած էր Եուրոն (Անգլիոյ մէջ) եւ հասած էր մոնտիալի աւարտականին անցեալ տարի, մինչ Շուէտ կիսաւարտականին հասած էր, իսկ Ֆրանսա` քառորդ աւարտականին: Աշխարհի ախոյեան Սպանիա իր խմբակին մէջ ունի Դանիան, Պելճիքան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, վաղը երեկոյեան ժամը 21:45-ին, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը պիտի հիւրընկալեն Ռիատին, Մըզհերի մէջ: Երթին Մանարայի մէջ ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը յետ երկարաձգումի կրցած էին յաղթել Ռիատին 98-97 արդիւնքով: Այդ ժամանակ Ռիատի 6 մրցումներու ընթացքին 2-րդ պարտութիւնը կրած էին, եւ այդ մրցումէն ետք Ռիատի տակաւին պարտութիւն չէ կրած` արձանագրելով 8 յաջորդական յաղթանակ:      ՀՄԸՄ-ի պարագային, 10-րդ...

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Շահեցաւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Պասքեթպոլ. Ռիատի Շահեցաւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Երէկ վերջ գտաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը` Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով: Արդարեւ, Ռիատի, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթած էր (73-65 եւ 67-49), կիրակի օր 56-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն, որուն օտար մարզիկ Մէյկըն Սիմընզ 35 կէտ նշանակած էր: Երէկ` 4-րդ մրցումին, Մանարայի մէջ, Ռիատի կրցաւ 78-49 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել, մանաւանդ որ կրցաւ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Սելթիքս Մեծ Տարբերութեամբ  Յաղթեց Ուորիըրզի

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Մեծ Տարբերութեամբ Յաղթեց Ուորիըրզի

Պոսթընի Թի. Տի. Կարտընը երէկ ականատես եղաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 3-րդ մեծագոյն յաղթանակին, ուր տեղւոյն Սելթիքս 140-88 արդիւնքով կրցաւ գերազանցել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: Սելթիքս այս տարեշրջանի 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 50 կէտէ աւելի տարբերութեամբ արձանագրելով իր յաջորդական 11-րդ յաղթանակը: Կոլտըն Սթէյթ, վերջին 13 մրցումներէն 11-ը յաղթած էր շատ վատ օր մը անցուց, եւ Սթեֆըն Քըրի 2-րդ կիսախաղին դաշտ չներկայացաւ, երբ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պայերն Լրջօրէն Վտանգուած Է Դուրս Մնալու` Լացիոյի Դէմ

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Լրջօրէն Վտանգուած Է Դուրս Մնալու` Լացիոյի Դէմ

Այսօր կը սկսին «Եու. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի դարձի մրցումները: Միւնիխի մէջ Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որ լաւ օրերու մէջ չէ եւ 11 յաջորդական տարիներ Գերմանիոյ ախոյեանութիւնը շահելէ ետք այս տարի 10 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընէն, այսօր վտանգուած է նոյնիսկ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնալու: Լացիօ Ռոման Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, իսկ...

Ճոքովիչ Մնաց Առաջին Խաչանով` 15-րդ

Ճոքովիչ Մնաց Առաջին Խաչանով` 15-րդ

Թենիսի շաբթուան դասաւորումներուն մէջ, տղոց առաջին 8 դիրքերը գրաւող թենիսմենները մնացին իրենց դիրքերուն վրայ, մինչ նորվեկիացի Քափըր Ռուուտ 11-րդ դիրքէն բարձրացաւ 9-րդի, եւ յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփաս բարձրացաւ 1 դիրք` այժմ 11-րդ: Ֆրանսացի Ուկօ Իւմպեր բարելաւեց իր դիրքը` բարձրանալով 4 դիրք, այժմ` 14-րդ, մինչ ամերիկացի Թէյլըր Ֆրից 10-րդ դիրքէն նահանջեց 2 դիրք: Աղջկանց դասաւորման առաջին 20 դիրքերը մնացին անփոփոխ: Ստորեւ` լաւագոյն...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի  Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք` 2-1

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք` 2-1

Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները շատ հետաքրքրական եւ բարձր մակարդակի սկսած են ըլլալ: Մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի տղոց խումբը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, շատ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեց շաբաթ օր Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ուր կրցաւ 2-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել: Մրցումը շատ լաւ ձեւով սկսան մեր տղաքը, որոնք աւելի կեդրոնացած ֆութպոլ կը խաղային` վերջին մրցումներուն նման կանուխ կոլեր չստանալու...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արզ. Կիրակի Օր` Ուահտէ Շուֆ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ 1-2

Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ շատ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիբանանեան բանակէն: Արդարեւ, գեղեցիկ պայքարի մրցումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որ հակայարձակողական ուսումնասիրուած ֆութպոլ կը խաղային, 1-0 արդիւնքով յառաջացան շնորհիւ Հասան Ժաուատի կոչին: Բ. կիսախաղին Լիբանանեան բանակը, որ կը պայքարի գրաւելու պարագլուխի դիրքը, կրցաւ հաւասարիլ, եւ մեր տղոց համար...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լըպրոն Ճէյմս 40 Հազար Կէտերու Սահմանը Անցաւ` Պատմութիւն Կերտելով

«Էն. Պի. Էյ.». Լըպրոն Ճէյմս 40 Հազար Կէտերու Սահմանը Անցաւ` Պատմութիւն Կերտելով

Շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական մարզիկներէն Լըպրոն Ճէյմս դարձաւ առաջին մարզիկը, որ 40 հազար կէտերու սահմանը կ՛անցնի, երբ իր խումբը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 124-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տենվըր Նակեթցին Լոս Անճելըսի Քրիփթօ Արենային մէջ: Արդարեւ, մօտ 19 հազար համակիրներու ներկայութեան, Լըպրոն Ճէյմս երկրորդ մասին Մայքըլ Փորթըրի քովէն անցնելէ ետք հասաւ 40 հազար կէտի սահմանին: Լէյքըրզ, որ լաւ ձեւով սկսած...

Աթլեթիզմ.  Ֆեմքէ Պոլ Իր Մրցանիշը Բարելաւեց

Աթլեթիզմ. Ֆեմքէ Պոլ Իր Մրցանիշը Բարելաւեց

Շաբաթ օր Կլասքոյի մէջ աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն 400 մեթր աղջկանց վազքի մրցումներուն Ֆեմքէ Պոլ (Նետերլանտներ) իր նախկին մրցանիշը (49.24 երկվայրկեան) բարելաւեց` արձանագրելով 49,17 երկվայրկեան: 24 տարեկան Պոլ անցեալ տարի 400 մեթր արգելարշաւի, ինչպէս նաեւ 4x400 մեթր դրօշարշաւի ախոյեանութեան ոսկի մետալներ շահած էր Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շարունակեց Անցեալ Տարուան Իր Ընթացքը…

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շարունակեց Անցեալ Տարուան Իր Ընթացքը…

Շաբաթ օր Սախերի մէջ սկսաւ 2024-ի Ֆորմիւլա 1-ի տարին բացման մրցումով` Պահրէյնի կրան փրին: Ռետ Պուլ շատ լաւ վիճակի մէջ էր, բայց Ֆեռարի սպասուածին նման չկրցաւ պայքարիլ Ռետ Պուլի դէմ, որովհետեւ արգելակներու (Ֆրեն) հարց ունէր, որմէ մանաւանդ Լըքլեր շատ ազդուեցաւ: Քարլոս Սայնց համեմատաբար աւելի հանգիստ էր իր ինքնաշարժով, եւ մրցումէն ետք յայտնեց, թէ պզտիկ փոփոխութիւններէ ետք շատ լաւ արդիւնք կրնան...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 15:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի ֆութպոլի տղոց խումբը այս տարեշրջանի իր ամէնէն կարեւոր մրցումը պիտի կատարէ Պհամտունի դաշտին վրայ: Արդարեւ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Տապըլ Քիք մրցումը պիտի ըլլայ «գագաթի մրցում», որուն յաղթականը մեծ յոյս կ՛ունենայ 3-րդ դասակարգ բարձրանալու: ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը, որ մեծ թիւով կոլեր կը նշանակեն, իրենց դէմ պիտի ունենան մրցակից մը, որ իր...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արզ. Կիրակի Օր` Ուահտէ Շուֆ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ

Այսօր ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը իրենց 6-րդ մրցումը պիտի կատարեն Լիբանանեան բանակի խումբին դէմ: Նախկին 5 մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի տղաքը 2 յաղթանակ ու 3 պարտութիւն կրած են, եւ այս մրցումը մեր վերջին դժուար մրցումը պիտի ըլլայ, բայց, ինչպէս միշտ կը նշենք, ֆութպոլի մէջ դժուար բան չկայ, եւ միշտ ալ երբեմն բախտը կը ժպտայ խումբի մը եւ կրնայ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Շանվիլ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Շանվիլ

Այսօր կը շարունակուի Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը` 15 օրուան դադարէ ետք, ազգային խումբի խաղերուն պատճառով: Կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին Մանարայի դաշտին վրայ Ռիատի պիտի մրցի Շանվիլի դէմ: Ռիատի 2 մրցում պարտուած է այս տարեշրջանին եւ 14-րդ մրցումին պիտի փորձէ 12-րդ յաղթանակը արձանագրել Շանվիլի դէմ, ՀՄԸՄ-ի համար ալ աւելի նպաստաւոր կ՛ըլլայ: ՀՄԸՄ անցեալ շաբաթ ձեռք ձգած էր քանատացի սենթըր Փրինս Իպէն` փոխարինելու...

Page 221 of 1281 1 … 220 221 222 … 1,281

Արխիւներ