Լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ ընտանիքին հետ կը բնակի Սէուտական Արաբիա եւ մաս կը կազմէ Նասր ակումբի թայքուանտոյի աղջկանց խումբին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային Պին Ժամալ 4-րդ միջազգային մրցաշարքին:
Ալեակ Սարգիս, որ նախապէս տիտղոսներ շահած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ ալ, կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը` 17 տարեկանէն վար մրցումներուն իր խումբին` Նասրի հետ:
Ալեակ Անասթազ Սարգիս 15 տարեկան է եւ խոստմնալից աթլեթ: Կը շնորհաւորենք Ալեակն ու անոր ընտանիքը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:


