Պէյրութ Ֆըրսթ – Ռիատի` 0-1
Չորեքշաբթի գիշեր Մանարայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը կրցաւ մեծ յաղթանակով աւարտել տարեշրջանը` 74-47 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Չեմփս խումբը եւ գրաւելով ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը:
Շայնա Փելլինկթըն 29 կէտ նշանակեց 32 վայրկեանի ընթացքին, Փաթիլ Ասատուրեան 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 16 կէտ, 5 էսիսթ եւ 5 սթիլ կատարելով: Փերլա Պու Նասր նշանակեց 11 կէտ եւ ձեռք ձգեց 9 ռիպաունտ: Նարինէ Կէօքճեան նշանակեց 8 կէտ եւ ձեռք ձգեց 11 ռիպաունտ: 5 կէտ նշանակեց Տիմա Շահին, մինչ Եաշա Զէյնան նշանակեց 2 կէտ` ձեռք ձգելով 6 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ: Ալիք Թապաքեան նշանակեց 3 կէտ` ձեռք ձգելով 5 ռիպաունտ:
Հետաքրքրական էր մարզիչ Ժորժ Տաղերի տուած առիթը` ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներուն, որ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցումին: Ալիք Քէշիշեան, Փերլա Ղաթթաս, Մայսա Խալիլ, Լին Թամիմ եւ Օսէեան Թապպախ մասնակցեցան 2 վայրկեանէ աւելի:
Վարձքը կատար ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն, յանձնախումբին եւ վարչութեան` բաւական յաջող տարեշրջանի մը համար: Այս ընթացքով կրնանք պայքարիլ առաջին դիրքին համար ալ, ինչպէս տեսանք կիսաւարտականին` Ռիատիի դէմ, երբ իրենց դաշտին վրայ շատ քիչ տարբերութեամբ տեղի տուին մեր աղջիկները, որոնք քիչ մը փորձառութեան կարիքը ունին, բան մը, որ կը բարելաւուի, երբ անոնք մնայուն կերպով իրարու հետ մրցում կատարեն:
Նոյն օրը սկսան նաեւ աւարտականի աղջկանց մրցումները, ուր առաջին ճակատումին Պէյրութ Ֆըրսթ Շիյահի իր դաշտին վրայ 65-73 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռիատիէն:
Մրցումէն առաջ Միրամար Մոքտատի մասնակցութիւնը յայտարարուեցաւ, բայց այդ մասնակցութիւնը չօգնեց Պէյրութին, որ լաւ ելոյթ ունենայ: Մէյկըն Սիմընզ (23 կէտ), Ժոսլին Ժէարա (16 կէտ եւ 10 ռիպաունտ), Այտա Պախոս (13 կէտ, 8 ռիպաունտ), Մելոտի Սանեհ (11 կէտ, 8 ռիպաունտ) եւ Նաթալի Սվաճեան (2 կէտ) նշանակեցին Պէյրութի կէտերը, մինչ Մեղրի Թորոսեան (18 կէտ), Անճելա Թոմփքինչ (17 կէտ, 15 ռիպաունտ), Շիրին Շրէյֆ (14 կէտ, 7 ռիպաունտ) եւ Ռեպեքքա Աքլ (13 կէտ, 13 ռիպաունտ, 9 էսիսթ) եղան Ռիատիի լաւագոյն մարզիկները: