Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Կը Շարունակէ Յաղթական Երթը. Փոլ Կը Վերադառնայ

February 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ուաշինկթընի մէջ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրցաւ 123-112 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Ուիզըրտծի:

Քլէյ Թոմփսըն 25 կէտ նշանակեց, մինչ իր խմբակից Սթեֆ Քըրի առաջին կիսախաղին ոչ մէկ կէտ կրցաւ նշանակել` 23 նոյեմբեր 2012-էն ի վեր (Տենվըրի դէմ) առաջին անգամ ըլլալով անյաջող 7 հարուածներ (6 հատը 3 կէտնոց) ուղղելով դէպի Ուաշինկթընի կողովը: Երկրորդ կիսախաղին ան կրցաւ 18 կէտ նշանակել, եւ 3 կէտնոց 16 փորձերէն միայն 4-ը յաջող էին: Մրցումին ակնյայտ էր համակիրներուն սպասած վերադարձը` Քրիս Փոլի, որ կրցաւ պահեստի աթոռներէն մասնակցիլ մօտ 22 վայրկեան: 38 տարեկան Փոլ, որ 21 մրցումներէ բացակայեցաւ` ձախ ձեռքը կոտրելուն պատճառով, նշանակեց 9 կէտ, կատարեց 6 էսիսթ եւ ձեռք ձգեց 4 ռիպաունտ: Ան 5 փորձերէն 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Քլէյ Թոմփսըն, որ 7 մրցումներէ ի վեր իբրեւ պահեստի մարզիկ կը ներկայանայ դաշտ, 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ձեռք ձգելով ընդամէնը 25 կէտ եւ 4 էսիսթ: Մրցումէն ետք, անգամ մը եւս լրագրողներ իրեն կը հարցնէին, թէ գո՞հ է պահեստի մարզիկ ըլլալով, Կէրի Փէյթըն մօտենալով ի՛նք պատասխանեց. «Ըսէ իրենց Քլէյ, հիմնական թէ պահեստի մարզիկ, կարեւոր չէ»: Քլէյ հանդարտօրէն բացատրեց. «Ունիս երկու աստղեր, որոնք պահեստի աթոռներէն գալով կը մասնակցին եւ յաղթանակ կը կերտեն: Հազուագիւտ բան մըն է եւ հպարտ կը զգանք»:

Թայըս Ճոնզ իր ասպարէզին գծով ամէնէն շատ էսիսթը կատարեց (17 էսիսթ) եւ նշանակեց 14 կէտ ի նպաստ Ուիզըրտծի, որուն աստղը` Քայլ Քուզմա, 27 կէտ եւ 12 ռիպաունտ կատարեց:

Քլիվլենտի մէջ, Քեւելիրզ պազըր պիթըրով կրցաւ յաղթել Տալաս Մեւրիքսին 121-119 արդիւնքով:

Արդարեւ, Տալաս 2,9 երկվայրկեան մնացած կրցաւ 119-118-ի առաւելութիւն մը ունենալ Քլիվլենտի վրայ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթընի տանքէն ետք, սակայն Քեւելիրզ, որ թայմ-աութ չունէր, արագ խաղցաւ գնդակը եւ անմիջապէս հասցուց Մաքս Սթրասի, որ դաշտի կեդրոն չհասած նետեց երկար գնդակ մը, որ կողովին մէջ «սահեցաւ»` 3 կէտ եւ մէկ կէտի առաւելութիւն` յաղթանակի մը վերածուելով: Սթրաս, որ 67 երկվայրկեանի ընթացքին 4 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակած էր` 10 կէտով մօտենալով Տալասին, ըսաւ. «Գիտէի, որ պիտի նշանակուի գնդակը նետած երկվայրկեանէս: Վերջին 5 երեք կէտերս այդ ձեւով էին. բոլորին պարագային ալ կը զգայի, որ պիտի նշանակուին նետած պահուս իսկ»:

Տոնավըն Միչել 31 կէտ նշանակեց, Սթրաս աւելցուց 21 կէտ, իսկ Ճերըթ Էլըն 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քեւելիրզի, որ 12-3 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց վերջին 15 մրցումներուն:

Տալասի աստղեր Լուքա Տոնչիչ (45 կէտ եւ 14 էսիսթ) եւ Քայրի Ըրվինկ (30 կէտ) լաւ ելոյթ ունեցան, սակայն իրենց խմբակիցները նոյնքան լաւ չէին: Տալաս իր վերջին 10 մրցումներուն 2-րդ պարտութիւնը կրեց:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Պրուքլին Նեթց 108-81
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 112-123
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Տալաս Մեւրիքս 121-119
Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 92-115
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 117-99
Աթլանթա Հոքս – Եութա Ճեզ 124-97
Միլուոքի Պաքս – Չարլոթ Հորնեթց 123-85
Շիքակօ Պուլզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 95-105
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114-105
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ 96-106
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Հիւսթըն Ռոքեթց 112-95

 

Նախորդը

Կիներու Հզօրացման Ծրագիրի Մասնակից 47 Հայ Կիներու Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.