Վաղը ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լիբանանեան բանակի խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը 6 կէտով կը գրաւեն 7-րդ դիրքը, մինչ Լիբանանեան բանակը կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Յոյսով, որ մեր տղաքը լաւ կազմակերպած պայքար կը ցուցաբերեն աւելի լաւ մրցակիցին դէմ, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը համեմատաբար աւելի դիւրին մրցակիցներ պիտի ունենան: