Այս շաբաթ օր ժամը 15:00-ին Պհամտունի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ «գագաթի մրցում» մը ունի կատարելիք Տապըլ Քիքի դէմ:
Տապըլ Քիք Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի շրջանի միակ խումբն է, որ տակաւին պարտութիւն չէ կրած, եւ այս մրցումը առիթ պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղոց, որ փաստեն, թէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ միւս մրցակիցներուն նման չէ, եւ դաշտին մէջ կը փաստէ իր ուժը, իր միասնութիւնը, պայքարի իր ոգին:
Համակիրներէն կը սպասուի խուռներամ ուղղուիլ դաշտ քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք դաշտին վրայ պայքար եւ կորով կը ցուցաբերեն, ինչպէս տեսանք վերջին մրցումին, 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 3 յաջորդական կոլեր նշանակելով եւ պայքարելով մինչեւ իրաւարարին վերջին սուլիչը:
Յանձնախումբը անգամ մը եւս փոխադրամիջոց պիտի տրամադրէ համակիրներ փոխադրելու դաշտ, որ պէտք է ողողուի անոնցմով: