Հայաստանի ներկայացուցիչ Անիլ Շարիաթփանահի դարձաւ աշխարհի քարաթէի ֆետերասիոնին կազմակերպած քարաթէ 1 կրտսերներու (14 տարեկանէն վար) մրցաշարքի ախոյեան` Քաթայի մրցաձեւի մրցումներուն:
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով Քաթայի մրցաձեւի աղջկանց մրցումներուն ոսկի մետալ կը շահի այսպիսի պաշտօնական մրցաշարքի:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ֆուժէյրա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Անիլ 6 յաղթական մենամարտ ունեցած է եւ դարձած ախոյեան:
Նշենք, որ Անիլ ծնունդով իրանցի է, կը բնակի Քուէյթի մէջ, բայց 2023-ին տեղափոխուելէ ետք Հայաստան, սկսած է մարզուիլ «Թայկըրզ քարաթէի ակադեմիա»-ի ակումբին մէջ: Նոյն տարին, Անիլ դարձած է նաեւ «Արմինիա օփըն 2023» միջազգային մրցաշարքի ոսկի մետալակիր: