Վաղը ժամը 15:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Քիքի դէմ, Դ. դասակարգի ամէնէն սպասուած մրցումին:
Տապըլ Քիք իր խմբակի բոլոր խաղերը յաղթանակով աւարտած էր, եւ Բ. հանգրուանի իր նախորդ 3 մրցումներն ալ յաղթած: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքն ալ իրենց նախորդ 3 մրցումները յաղթած են, եւ վաղը պիտի փաստեն, թէ Տապըլ Քիք տկար կէտեր ունի, որոնց մասին մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանը իր ցուցմունքները պիտի տայ տղոց: Տղոց կը մնայ այդ ցուցմունքները լիուլի կատարել, որպէսզի յաղթանակ մը արձանագրենք Տապըլ Քիքի դէմ:
Ֆութպոլի մէջ անյաղթ խումբ չկայ, եւ այդ պատճառով ալ, երբ 11 մարզիկներ դաշտ կը ներկայանան, բոլորը հաւասար յոյսեր կ՛ունենան: Այն խումբը, որ աւելի պայքարի եւ տարազին համար կը խաղայ, ինքն է, որ կ՛ըլլայ վերջին յաղթականը:
Փոխադրամիջոց տրամադրուած է փոխադրելու համար մեծ համակիրները դէպի Պհամտունի դաշտ, ուր անոնք մեր տղաքը քաջալերելով եւ լաւ մթնոլորտ ստեղծելով պիտի ոգեւորեն զանոնք: