Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 116-112

March 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան ամէնէն հետաքրքրական մրցումին, Լոս Անճելըսի զոյգ խումբերը մրցեցան իրար դէմ, եւ Քլիփըրզ 3 մասերուն յառաջանալէ ետք եւ պահ մը 21 կէտերու առաւելութիւն ձեռք ձգելէ ետք, 4-րդ մասին կարծէք բացակայ էր, ուր Լէյքըրզ ըմբոստացաւ եւ մրցումին արդիւնքը ամբողջովին յեղաշրջեց ի նպաստ իրեն եւ 4 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել:

Լէյքըրզ, որ վերջերս շատ կը գանգատէր իրաւարարներու «ոչ արդար սուլիչէ» (իրենց կարծիքով), 34 կէտ ձեռք ձգեց շնորհիւ իր 39 տարեկան աստղին` Լըպրոն Ճէյմսի, որ 37 վայրկեան մասնակցեցաւ: Ան ձեռք ձգեց նաեւ 8 էսիսթ: Սենթըր Անթոնի Տէյվիս 20 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգելով իրագործեց տապըլ-տապըլ մը, մինչ Տանճելօ Ռասըլ (18 կէտ) եւ Ռոսի Հաշիմուրա (17 կէտ) ունեցան յաջող ելոյթներ:

Քլիփըրզ, որմէ կը բացակայէին Փոլ Ճորճ եւ Իվիքա Զուպաք, անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ 4-րդ մասին, որուն ընթացքին Քուայ Լենըրտ (26 կէտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (23 կէտ եւ 9 էսիսթ) չկրցան ուղղել իրենց խմբակիցները:

Միւս կողմէ, Լուքա Տոնչիչ (30 կէտ, 16 էսիսթ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Քայրի Ըրվինկ (29 կէտ) առաջնորդեցին Տալաս Մեւրիքսը 34-րդ յաղթանակի` Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ, 136-125 արդիւնքով:

Շիքակօ Պուլզ 132-123 արդիւնքով եւ 2 անգամ երկարաձգումով կրցաւ յաղթել Քլիվլենտ Քեւելիրզին` մեծ մասամբ Տը Մար Տը Ռոզընի 35 կէտերուն եւ 10 ռիպաունտին շնորհիւ:

Անթոնի Էտուըրտծ կը շարունակէ փայլիլ եւ իր խումբը` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը առաջնորդել յաղթանակի: Վերջին մրցակիցը Մեմֆիս Կրիզլիզն էր, իսկ արդիւնք` 110-101, ի նպաստ Մինեսոթայի: Մինեսոթայի 42-րդ յաղթանակը եղաւ Կրիզլիզի 39-րդ պարտութիւնը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տալաս Մեւրիքս 125-136
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 123-114
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 132-123
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 110-101
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 117-96
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 112-116

 

 

Նախորդը

Կինը Ծարաւ…

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Համիլթըն Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Պահրէյնի Առաջին Փորձերուն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.