Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պեքաայի ճատրակի Բ. դասակարգի զտումի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Այնճար:
Առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Այնճար 4,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շապապ Քապպըլիասի խումբը: Յաջորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Այնճար 3,5-2,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆաքեհան, ապա մրցեցաւ Շապապ Զահլէի խումբին դէմ եւ յաղթեց 5-1 արդիւնքով: 4-րդ հանգրուանին, Այնճարի մրցակիցը եղաւ Քամետ Լոզի խումբը, որ 6-0 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Պէտք է ըսել, որ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի խումբը կը գրաւէ Պեքաայի խմբային առաջին դիրքը: Յաջորդ մրցակիցներն են` Հուտուտ Մաժտել Այնճար (3 մարտին) եւ Մաժըտ Մաժտել Այնճար (4 մարտին):