Երէկ սկսան վաղը տեղի ունենալիք Պահրէյնի կրան փրիի պատրաստութիւնները, եւ Մերսետես գրաւեց առաջին երկու դիրքերը` տարեշրջանի առաջին մրցումին:
Սաքիտի (Պահրէյն) մէջ տեղի ունեցած առաջին փորձին, 7 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Լուիս Համիլթըն գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ խմբակից Ճորճ Ռասըլ` 2-րդ դիրքը: Անակնկալ արդիւնք էր այս` նկատի ունենալով, որ կը կարծուէր, թէ Ռետ Պուլ լաւագոյն պատրաստուած ինքնաշարժը ունէր: Այլ անակնկալով մը` 3-րդ դիրքը գրաւեց 2 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (Ասթոն Մարթին):
Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն 6-րդ դիրքը գրաւեց: Նետերլանտներու վարորդ Վերշթափըն, որ «Ֆորմիւլա 1»-ի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 39 մրցումներէ` անցեալ մայիս 2022-էն ի վեր, այս շաբաթավերջի թիւ 1 թեկնածուն էր, յաջորդաբար 4-րդ անգամ ըլլալով դառնալու աշխարհի ախոյեան: Ան 0.477 երկվայրկեան ուշ էր առաջին դիրքէն: Քարլոս Սայնց (Ֆեռարի) 4-րդ դիրքը գրաւեց, իսկ աւստրալիացի Օսքար Փիասթրի (Մաքլարեն)` 5-րդ: Նիքօ Հուլքենպըրկ (Հաաս) 7-րդ դիրքը գրաւեց, իսկ Լանս Սթրոլ (Ասթոն Մարթին)` 8-րդ: Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր 9-րդ դիրքը գրաւեց, իսկ Վերշթափընի խմբակից Սերխիօ Փերես` 10-րդ:
Մերսետես, որ անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով որեւէ մրցում չէր կրցած շահիլ, առաջին անգամ ըլլալով 2011-էն ի վեր լաւ ձեւով բարեփոխած էր իր ինքնաշարժը ըստ երեւոյթին:
Այս փորձի ելոյթը Ռասըլին եւ Համիլթընին (որ վերջին անգամ 2021-ին շահած էր մրցում մը) առիթ պիտի ըլլայ յոյս մը ունենալ փոտիում վերադառնալու: Նշենք, որ 2025-ին Համիլթըն պիտի միանայ Ֆեռարիի:
Այս մրցումը շաբաթ օր (վաղը) տեղի պիտի ունենայ, որպէսզի ռամատան ամսուան պատրաստութիւններուն չխաչաձեւէ: