Այսօր երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումը, որ աւարտականի բնոյթ ունի մէկ մրցում ըլլալով:
Համակիրներ երկու կողմէն ներկայ կրնան գտնուիլ, եւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ներկայ գտնուիլ Ռիատիի դաշտ` քաջալերելով ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները, որպէսզի գրաւենք Լիբանանի 3-րդ պատուաւոր դիրքը: Մեր երիտասարդ խումբը սպասուածէն շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց` միայն պարտութիւններ կրելով ախոյեան Պէյրութէն եւ Ռիատիէն, որոնք շատ աւելի մեծ պիւտճէ ունենալով կրցած էին ձեռք ձգել ազգային խումբի մարզիկներու մեծամասնութիւնը:
Նշենք, որ այսօր կը սկսի աւարտականի մրցումներու առաջին ճակատումը` ախոյեան Պէյրութի եւ Ռիատիի միջեւ, Շիյահի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 21:45-ին:
Պէյրութ, որ որեւէ պարտութիւն չէ կրած այս տարեշրջանին, կրնայ դժուարութիւն ունենալ Ռիատիի դիմաց` նկատի ունենալով, որ ազգային խումբի մարզիկներ Տանիելա Ֆայյատ եւ Միրամար Մոքտատ վիրաւոր են, եւ խումբը կը վստահի ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներ Նաթալի Սվաճեանի եւ Այտա Պախոսի, ինչպէս նաեւ ամերիկացի Մէյկըն Սիմընզի:
Միւս կողմէ, Ռիատի իր կարգին կը վստահի ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներ Ռեպեքա Աքըլի եւ Մեղրի Թորոսեանի, ինչպէս նաեւ ամերիկացի Անճելա Թոմփքինզի: Ռիատիի առաւելութիւնը կրնայ ըլլալ պահեստի վստահելի մարզիկներ ունենալը, բան մը, որ շատ կը հանգստացնէ խումբին աստղերը, ինչպէս պատահեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ կիսաւարտականի մրցումին: