Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ինտիանա – Թորոնթօ 122-130

February 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թորոնթօ Ռեփթըրզի մարզիչ Տարքօ Ռայաքովիչ խոստացած էր պարգեւատրել իր մարզիկները, եթէ իրենց յաջորդական 3-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտէին: Ռեփթըրզի մրցակիցը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաւելագոյն կէտեր նշանակող խումբն էր Ինտիանիա Փէյսըրզը Ինտիանափոլիսի մէջ:

«Օլ Սթար»-ի մարզիկ Սքոթի Պարնզ իր 4-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 21 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, մինչ Ար. Ճէյ. Պերըթ աւելցուց 24 կէտ ի նպաստ Թորոնթոյի, որ կրցաւ արձանագրել իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը «Օլ Սթար» մրցումէն ետք, մինչ մրցումի աւարտին մարզիկները կը գոռային «Փի-զա»:

«Իրենց խոստացած էի` եթէ 3 յաղթանակ արձանագրեն, ընթրիքի պիտի հրաւիրեմ, բայց ըսի, որ շատ լաւ պայմաններու մէջ չըլլալով փիցցայի ճաշարան կրնանք երթալ», ըսաւ Ռայաքովիչ:

Ինչ որ ալ ըլլար ընթրիքը, Թորոնթոյի երիտասարդ տղաքը յաղթանակի «անօթի» էին: Ռուքի Կրէյտի Տիք 18 կէտ նշանակեց, ինչպէս նաեւ նշանակեց 2 յաջորդական 3 կէտնոց կողովներ մրցումի վերջին վայրկեաններուն, յաղթանակը հաստատելու համար: Ան 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:

«Ասիկա միայն սկիզբն է: Լաւ մրցումներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ վատ մրցումներ ալ, բայց պէտք է շարունակէ շահիլ այդ ձեւի կացութեան մէջ, շարունակէ սորվիլ եւ լաւանալ», ըսաւ մարզիչը` Կրէյտիի համար:

Պենետիքթ Մաթուրին փորձեց Փէյսըրզը մօտ պահել Թորոնթոյին` նշանակելով 34 կէտ եւ 9 ռիպաունտ, բայց Թայրիս Հելիպըրթըն չկրցաւ լաւ ելոյթ ունենալ եւ միայն 9 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ կը մնայ «Էն.Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն կէտ նշանակող խումբը:

Ինտիանա միջին հաշուով 124 կէտ կը նշանակէ մրցումի մը ընթացքին, մինչ Միլուոքի Պաքս 122 կէտ կը նշանակէ Բ. դիրքին վրայ, իսկ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր` 121,5 կէտ մրցումի մը ընթացքին: Ամէնէն քիչ կէտեր ընդունող խումբը Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզն է 106 կէտով, Քլիվլենտ Քեւելիրզ եւ Նիւ Եորք Նիքս կը յաջորդեն զայն 109 եւ 100 կէտերով:

Ամէնէն շատ 3 կէտ նշանակող խումբն է Պոսթըն Սելթիքս` 931 անգամ, ապա Տալաս Մեւրիքս (859) եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (842): Ամէնէն շատ ռիպաունտ ձեռք ձգող խումբն է Պոսթըն Սելթիքս (46,9 մէկ մրցումի), ապա Կոլտըն Սթէյթ (46,7) եւ Եութա Ճեզ (46,6):

Մարզիկներու պարագային, ամէնէն շատ կէտ նշանակող մարզիկը Ժոել Էմպիիտն է (35,3 կէտ), ապա` Լուքա Տոնչիչ (34,3) եւ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր (31,2):

Առաւելագոյն ռիպաունտ ձեռք ձգող մարզիկն է Տոմանթա Սապոնիս (13,4), ապա` Ռուտի Կոպեր (12,7) եւ Ճէյլըն Տիւրըն (12,3): Առաւելագոյն էսիսթ կատարող մարզիկն է Թայրիս Հելիպըրթըն (11,6), ապա` Թրէյ Եանկ (10,8) եւ Լուքա Տոնչիչ (9,5): Ամէնէն շատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակող մարզիկն է Սթեֆըն Քըրի (262), ապա` Լուքա Տոնչիչ (191) եւ Քլէյ Թոմփսըն (172): Ամէնէն շատ պլոք ընող մարզիկն է Վիքթոր Ուեմպանեմա (3,3), ապա` Պրուք Լոփես (2,7) եւ Ուոքըր Քեսլըր (2,6):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 113-111
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Պրուքլին Նեթց 86-111
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 122-130
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մայեմի Հիթ 110-121

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Այս Շաբաթ Պահրէյնի Կրան Փրին Պիտի Ըլլայ Ամէնէն Երկար Տարեշրջանի Առաջինը

Յաջորդը

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Այնճարի Ճատրակի Խումբը Յաղթանակներ Արձանագրեց

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

October 19, 2026
Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.