Այս շաբաթ օր ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լիբանանեան բանակին դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մեր տղաքը, որոնք անցեալ շաբաթ Զամալեքին դէմ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էին, իրենց դէմ պիտի ունենան զօրաւոր խումբ մը, բայց դաշտի վրայ պայքար տանող խումբը ի՛նք է, որ կը շահի 3 կէտերը: ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոցմէ կը սպասուի պայքար ցուցաբերել, մանաւանդ որ 11-ի դէմ 11 մարզիկ պիտի պայքարին, եւ ֆութպոլի մէջ ամէն ինչ կարելի է:


