Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցած ջրային մարզաձեւերու աշխարհի ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ:
Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերած էր այս մրցաշարքին լողարշաւի եւ ջրացատկի մրցումներուն:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի լողարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան 190 երկիրներէ 2600 լուղորդ մասնակցած է: Հայաստանը կը ներկայացնէին Արթուր Բարսեղեան, Անի Պօղոսեան, Վարսենիկ Մանուչարեան եւ Աշոտ Չախոյեան:
4×100 մեթր ազատ ոճի խառն մրցումներուն, Հայաստանի քառեակը ձեռք բերաւ 3.44.29 վայրկեան արդիւնք` գրաւելով 13-րդ դիրքը: Նոյն քառեակը մասնակցած է նաեւ 4×100 մեթր խառն համալիրի մրցումներուն` ձեռք բերելով 4.08.59 վայրկեան արդիւնք, գրաւելով 25-րդ դիրքը, սահմանելով հայկական նոր մրցանիշ:
Հայ լուղորդները մասնակցած են նաեւ անհատական մրցումներուն: Արթուր Բարսեղեան 100 մեթր թիթեռնիկի լողի մրցումներուն ձեռք ձգեց 54,22 երկվայրկեան` սահմանելով հայկական նոր մրցանիշ, եւ 70 լուղորդներու մէջ գրաւեց 36-րդ դիրքը:
Վարսենիկ Մանուչարեան 100 մեթր թիթեռնիկի լողի մրցումներուն ձեռք ձգեց 1.02.69 վայրկեան եւ ձախողեցաւ հասնիլ կիսաւարտական` գրաւելէ ետք 31-րդ դիրքը: Վարսենիկ մասնակցեցաւ նաեւ 50 մեթր ազատ լողի մրցումին` ձեռք ձգելով 27.58 երկվայրկեան, գրաւելով 60-րդ դիրքը` 115 մրցակիցներու մէջ:
Աշոտ Չախոյեան 100 մեթր կուրծքի լողի մրցումներուն ձեռք ձգեց 1.04.22 վայրկեան` գրաւելով 58-րդ դիրք: 50 մեթր կուրծքի լողի մրցումներուն 29.38 երկվայրկեան արդիւնք մը ձեռք ձգելով գրաւեց 44-րդ դիրքը: Անի Պօղոսեան 200 մեթր ազատ ոճի լողի մրցումին 2.10.55 վայրկեան նշանակելով գրաւեց 41-րդ դիրք:
Լուղորդները յունիսի վերջերուն Պելկրատի մէջ կը մասնակցին ջրային մարզաձեւերու Եւրոպայի ախոյեանութեան, որուն արդիւնքները կը հաստատեն 2024-ի Փարիզի ողիմպիականի մասնակցութեան թեկնածուները:
Ողիմպիական մրցումներուն կը մասնակցին անհատական մրցումներու մինչեւ 18-րդ դիրքը գրաւող մարզիկները եւ լաւագոյն 8 զոյգերը: