Մարզական

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Զաարպրիւքընի Հեքիաթային Պատմութիւնը Վերջ Գտաւ Կիսաւարտականին

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Զաարպրիւքընի Հեքիաթային Պատմութիւնը Վերջ Գտաւ Կիսաւարտականին

Գերմանիոյ Գ. դասակարգի ակումբներէն Զաարպրիւքըն, որ դուրս ձգած էր ախոյեան Պայերն Միւնիխը, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը դուրս մնաց Գերմանիոյ բաժակի կիսաւարտականին` պարտութիւն մը կրելէ ետք Բ. դասակարգի Քայզըրսլաութըրնէն: Քայզըրսլաութըրն հասաւ աւարտականի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ 25 մայիսին: Քայզըրսլաութըրն, որ կը պայքարի մնալու Բ. դասակարգին մէջ, կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել Զաարպրիւքընի շնորհիւ Մարլոն Ռիթըրի եւ Ալմամի Թուրէի...

«Լա Լիկա». Ռէալ, Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Յաղթեցին Ռամոս Իր 38-րդ Տարեդարձը Տօնեց Կոլով

«Լա Լիկա». Ռէալ, Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Յաղթեցին Ռամոս Իր 38-րդ Տարեդարձը Տօնեց Կոլով

Սերխիօ Ռամոս շաբաթավերջին իր 38-րդ տարեդարձը տօնեց` նշանակելով իր ակումբի` Սեւիայի միակ կոլը` Խեթաֆէի դաշտին վրայ: Ռէալ Մատրիտ, շնորհիւ Ռոտրիկոյի տուպլէին կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել Աթլեթիքօ Պիլպաոյի, մինչ Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Լա Փալմասի, շնորհիւ Ռաֆինիայի կոլին: Աթլեթիքօ Մատրիտ Վիարէալի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել շնորհիւ Աքսել Վիթսելի եւ Սաուլ Նիկեզի կոլերուն: Ալեքսանտր Սորլոթ նշանակած էր Վիարէալի հաւասարութեան կոլը:...

«Լիկ 1».  Մարսէյ-Փարիզ Սեն Ժերմեն` 0-2

«Լիկ 1». Մարսէյ-Փարիզ Սեն Ժերմեն` 0-2

10 մարզիկներով Փարիզ Սեն Ժերմեն կրցաւ Մարսէյի «Օրանժ Վելոտրոմ» դաշտէն 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ, ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի գծով մրցումին: Արդարեւ, 40-րդ վայրկեանին Լուքաս Պերալտօ ստանալէ ետք իր 2-րդ դեղին քարտը վտարուեցաւ դաշտէն, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն ստիպուեցաւ 10 մարզիկներով շարունակել մրցումը: 53-րդ վայրկեանին, Վիթինիա եւ 85-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամոս նշանակեցին Փարիզի 2 կոլերը` յաղթելով Մարսէյի: Պէտք է ըսել, որ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ 6-1 Յաղթանակով Փակեց Իր Եղանակը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ 6-1 Յաղթանակով Փակեց Իր Եղանակը

Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, ֆութպոլի գեղեցիկ մրցումէ մը ետք, 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նուժում Պէյրութի դէմ` կատարելով իր 9-րդ եւ վերջին մրցումը: Առաջին կէս ժամուն զգուշ խաղալէ ետք, ՀՄԸՄ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Մոհամետ Քապալանի: 2 վայրկեան ետք, Սագօ Կէօքէօզեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը: Բ. կիսախաղի 10-րդ վայրկեանին, Մաթէօ Մատի նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 3-րդ կոլը: 70-րդ վայրկեանին...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասր 0-1

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասր 0-1

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շաբաթ օր անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հիլալ Նասր խումբին դէմ 8-րդ շաբթուան իր մրցումին: Արդարեւ Բ. հանգրուանի մրցումներու գծով իր նախավերջին մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը այս տարեշրջանի իրենց ամէնէն ձախող ելոյթը ունեցան եւ պարտութիւն մը կրեցին Հիլալ Նասրէն, որ միակ կոլը նշանակեց 65-րդ վայրկեանին Հասան Համուտի շնորհիւ: Այս պարտութիւնը բան չփոխեց դասաւորման մէջ, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ...

Էն.Պի.Էյ.  Պուքըր 52 Կէտ Նշանակեց Փելիքընզի Դէմ

Էն.Պի.Էյ. Պուքըր 52 Կէտ Նշանակեց Փելիքընզի Դէմ

Տեւըն Պուքըր 52 կէտ նշանակեց` օգնելով, որ Ֆինիքս Սանչ 124-111 արդիւնքով յաղթէ Նիւ Օրլինզ Փելեքընզի դաշտին վրայ: Արեւմտեան շրջանի 6-րդ դիրքին համար պայքարող զոյգ խումբերուն տարբերութիւնը 1 մրցումի իջաւ: Շաբաթ օր 128-103 արդիւնքով պարտուելէ ետք Օքլահոմա Սիթի Թանտըրէն Ֆինիքս (44-31) աւելի եւս մօտեցաւ Նիւ Օրլինզի (45-30): Նոյն խումբերը իրարու դէմ կը մրցին կիրակի գիշեր: Պուքըր դարձաւ Ուելթ Չեմպըրլէյնէն ետք առաջին...

«Սերի Ա.»  Ինթէր Կը Սուրայ, Պոլոնիա «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Թեկնածու

«Սերի Ա.» Ինթէր Կը Սուրայ, Պոլոնիա «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Թեկնածու

Ինթեր Միլան 14 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ «Սերի Ա.»-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ` Ֆետերիքօ Տիմարքոյի եւև Ալեքսիս Սանչեսի կոլերէն օգտուելով: Էմփոլի Ինթերի դէմ պարտութենէն ետք վտանգաւոր շրջան իջաւ եւ պայքար պիտի մղէ մնալու առաջին դասակարգին մէջ: Պոլոնիա 3-0 առիթով յաղթելէ ետք Սալերնիթանայի, «Չեմփիընզ լիկ» մտնելու մեծ քայլ մը առաւ` արձանագրելով 8-րդ յաղթանակը իր վերջին 9 մրցումներուն: Թիակօ Մոթայի մարզած խումբը 2...

«Փրեմիըր Լիկ».  Լիվըրփուլ 2 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

«Փրեմիըր Լիկ». Լիվըրփուլ 2 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

Կիրակի օր Լիվըրփուլ  2-1 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Պրայթընի դէմ. Լուիս Տիաս եւ Մոհամետ Սապահ նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը, մինչ Տենի Ուելպեք 2-րդ վայրկեանին նշանակած էր Պրայթընի անակնկալ կոլը: Այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Սիթի - Արսենալ «գագաթի մրցումը»: Սիթի իր դաշտին վրայ չկրցաւ կոլ նշանակել Արսենալի դէմ, որ պաշտպանողական գիծի անսխալ մրցում մը ունեցաւ: Սիթի, որ «Փրեմիըր լիկ»-ի...

«Պունտըսլիկա».  Լեւերքուզըն Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ախոյեա՞ն

«Պունտըսլիկա». Լեւերքուզըն Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ախոյեա՞ն

Գերմանիոյ ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որ անկայուն եղանակ մը կ՛անցընէ, շարունակեց իր ընթացքը եւ Միւնիխի մէջ 10 տարի անյաղթ մնալէ ետք Տորթմունտի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Այս արդիւնքէն ամէնէն աւելի օգտուեցաւ առաջին դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզըն, որ 39 մրցումներէ ի վեր անյաղթ է եւ շաբաթ օր 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Հոֆենհայմի դէմ մրցումին մինչեւ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի  Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասր

Վաղը, ժամը 15:15-ին Պհամտունի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր նախավերջին մրցումը պիտի կատարէ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին գծով` Հիլալ Նասրի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արդէն իսկ ձեռք ձգած է աւարտական հանգրուանի իր տոմսը եւ պիտի փորձէ անպայման յաղթել, որպէսզի շահի Լեռնալիբանանի ախոյեանի տիտղոսը: Փոխադրակառքեր տրամադրուած են կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի հրապարակէն համակիրներ փոխադրելու համար դէպի Պհամտունի...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի  Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Տարեշրջանի Փակման Մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նուժում Պէյրութ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Տարեշրջանի Փակման Մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նուժում Պէյրութ

Վաղը ժամը 13:15-ին, Պիր Հասանի դաշտին վրայ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 9-րդ եւ վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Նուժում Պէյրութի դէմ: Մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց կարելին տալ տարեշրջանը լաւ ձեւով փակելու, ինչպէս որ սկսան Պէյրութ Ֆ. Ք. խումբին դէմ: Յոյսով, որ յառաջիկայ տարեշրջանին աւելի լուրջ պատրաստութիւն տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի խումբը պատրաստուի Գ. դասակարգ բարձրանալու եւ ոչ թէ պարզապէս մասնակցելու:...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց, Բայց Մնաց 5-րդ Դիրքին Վրայ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց, Բայց Մնաց 5-րդ Դիրքին Վրայ

Երէկ կէսօրէ ետք, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 94-84 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էն. Էս. Էյ.-ը եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը, մանաւանդ որ Շանվիլ 3 կէտով պարտութեան մատնելէ ետք Անդրանիկը, մնաց 4-րդ դիրքին վրայ: Մրցումին առաջին մասը շատ վատ էր ՀՄԸՄ-ի համար, որ ամէն տեսակի ժխտական բաներու հանդիպեցաւ: Սկսելով փլէյ մէյքըր Ժատ Խալիլէն, որ հազիւ 6 վայրկեան...

Լիբանանի Միջդպրոցական Ախոյեանութիւ՛ն.  Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Լիբանանի Միջդպրոցական Ախոյեանութիւ՛ն. Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Մարտ ամսուան սկիզբէն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հովանաւորութեամբ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի միջդպրոցական «Սնիփս» ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 52 տարբեր դպրոցներու: Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի երէց տղաքը եւս կը մասնակցին այս մրցաշարքին` դառնալով միակ հայ ներկայացուցիչները: 13 խմբակներու բաժնուած 52 խումբերը շաբաթը անգամ մը կը մրցէին իրար դէմ: Այս մրցումներուն աւարտին Ս. Խաչի տղաքը կրցան 3 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելով շահիլ իրենց...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» համալիրին պասքեթպոլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը պիտի կատարէ 18-րդ հանգրուանին գծով ախոյեանութեան վերջին մրցումը Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Անշուշտ տակաւին ֆայնըլ էյթի եւ յաջորդող հանգրուանները կան: Այսօր ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի ներկայանան դաշտ 2 օտար մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ 3-րդ օտարը` Զեք Լոֆթըն, կախակայուած է: Ճամալ Ճոնզ եւ Տուէյն Ճեքսըն, իրենց հետ խմբապետ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ` 2-5

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նուժում Պէյրութ

Այս շաբաթ օր ժամը 13:15-ին Պիր Հասանի դաշտին վրայ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի կատարէ տարեշրջանի իր վերջին մրցումը` Նուժում Պէյրութի դէմ: ՀՄԸՄ Պէյրութ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը եւ պիտի մնայ այդ դիրքին վրայ, ինչ որ ալ ըլլայ մրցումին արդիւնքը: ՀՄԸՄ նախկին 8 մրցումներուն 3 յաղթանակ եւ 5 պարտութիւն կրած է:...

ՖԻՖԱ-ի Շաբաթ.  Հայաստան Պարտուեցաւ, Բայց…

ՖԻՖԱ-ի Շաբաթ. Հայաստան Պարտուեցաւ, Բայց…

Երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտան ՖԻՖԱ-ի շաբթուան ազգային խումբերու բարեկամական մրցումները: Աշխարհի չորս ծագերէն ազգային խումբեր վերջին 5 օրերուն հանդէս եկան 2 ելոյթներով: Միայն Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի զտումի վերջին փլէյ օֆերուն գծով 3 մրցումներ տեղի ունեցան, որոնց աւարտին Ուքրանիա, Վրաստան եւ Լեհաստան եղան վերջին 3 խումբերը, որոնք միացան մնացեալ 21-ին` մասնակցելու 2024-ի յունիսին տեղի ունենալիք Եուրոյին` Գերմանիոյ մէջ: Չելսիի...

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Առանց Լըպրոնի Յաղթեց Պաքսին

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Առանց Լըպրոնի Յաղթեց Պաքսին

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր կարելին կ՛ընէ հասնելու փլէյ օֆի մրցումներուն, կրցաւ Միլուոքի Պաքսի դաշտէն յաղթական դուրս գալ 128-124 արդիւնքով: Լէյքըրզ, որ 4-րդ մասին 19 կէտով ետ կը մնայ Միլուոքիէն, կրցաւ վերադառնալ եւ արդիւնքը հաւասարութեամբ աւարտել: Երկարաձգման ընթացքին բան չփոխուեցաւ, եւ երկու խումբերը 16-ական կէտ նշանակեցին... 5 վայրկեան եւս: 2-րդ երկարաձգման, Լէյքըրզ 11...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7 Կոլ Նշանակեց Սեպլինի Դէմ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Հիլալ Նասր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթ ժամը 15:15-ին Պհամտունի «Ամիր Ապտել Նուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի իր 8-րդ շաբթուան մրցումը` Հիլալ Նասրի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցակիցը կը պայքարի Ռապիթաթ Ուարտանիէի հետ` գրաւելու 3-րդ դիրքը ուղղակիօրէն վերջին հանգրուան հասնելու համար, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւող խումբը Պէյրութի շրջանի Բ. դիրքը գրաւող խումբին հետ փլէյ օֆի մրցում մը պիտի կատարէ` գիտնալու...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Վաղը` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ

Այսօր կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան վերջին շաբթուան մրցումները, որոնք վերջնականապէս պիտի վճռեն ընդհանուր դասաւորումը: Դասաւորումը առաջին դիրքէն 7-րդ դիրք կրնայ փոփոխութիւններ կրել: Կիրակի օրուան Ռիատիի պարտութիւնը Պէյրութէն (93-83) վտանգեց անոր գրաւած առաջին դիրքը, եւ շաբաթ օր Մանարայի դէմ Ռիատի - Սաժես ճակատումը աւարտականի «համ» կրնայ ունենալ, մանաւանդ որ երկու խումբերն ալ կը նախընտրեն առաջին դիրքը գրաւել` ունենալու համար առաջին...

Տենի Ալվես 1 Միլիոն Եւրոյի Փոխարէն Ազատ Արձակուեցաւ

Տենի Ալվես 1 Միլիոն Եւրոյի Փոխարէն Ազատ Արձակուեցաւ

Պրազիլցի ֆութպոլիստ Տենի Ալվես, որ 4,5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր Պարսելոնայի մէկ գիշերային ակումբին մէջ աղջկայ մը բռնաբարութեան յանցանքով, ազատ արձակուեցաւ երաշխաւորման գումարի մը վճարումէն ետք: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պարտքերու եւ դրամատնային հաշիւի սառեցման պատճառով անկարող Ալվեսին օգնած է իր նախկին խմբակից Մեմֆիս Տեփայ: Անոնք 2021-2022 տարեշրջանին միասնաբար խաղցած են Պարսելոնայի տարազով: Այժմ Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Տեփայ 1 միլիոն...

Page 216 of 1281 1 … 215 216 217 … 1,281

Արխիւներ