ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շաբաթ օր անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հիլալ Նասր խումբին դէմ 8-րդ շաբթուան իր մրցումին:
Արդարեւ Բ. հանգրուանի մրցումներու գծով իր նախավերջին մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը այս տարեշրջանի իրենց ամէնէն ձախող ելոյթը ունեցան եւ պարտութիւն մը կրեցին Հիլալ Նասրէն, որ միակ կոլը նշանակեց 65-րդ վայրկեանին Հասան Համուտի շնորհիւ:
Այս պարտութիւնը բան չփոխեց դասաւորման մէջ, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը մնացին առաջին, սակայն կը մնայ վերջին մրցումը Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ, որուն դէմ անպայման յաղթանակ մը պէտք է ձեռք ձգեն ՀՄԸՄ-ի տղաքը` դառնալու Լեռնալիբանանի ախոյեան:
Վստահաբար, ֆութպոլի խումբ մը որքան ալ լաւ ըլլայ, երբեմն մրցումներ կ՛ունենայ, որ բան մը չի քալեր», եւ այդ մրցումներէն մէկն էր անցեալ շաբաթ օրուանը:
Մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան շատ լաւ գիտէ յաջորդ մրցակիցը. անոր տկար եւ զօրաւոր կէտերը, ինչպէս նաեւ ճիշդ ծրագիր մը կը գծէ` մրցումը յաղթելու: Ճիշդ է, որ ունինք մարզիկներ, որոնք իսլամական ռամատան ամսուան առիթով ծոմապահութեան մէջ են, բայց նոյնն է պարագան մրցակից խումբերուն ալ:
Յուսանք, որ Հիլալ Նասրի դէմ մրցումը մոռցուի եւ տղաքը շուտ կը վերագտնեն իրենք զիրենք:
Ստորեւ` 8-րդ շաբթուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տապըլ Քիք – Ռաուտա Տըքուանէ 3-0
Հիլալ Նասր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 1-0
Ահլի Սարպա – Սաֆա Շուիթ 3-0
Ռիատի Արամուն – Սեպլին Ռիատի 7-4
Ուահտէ Շուֆ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ 0-4
Դասաւորում
1 – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 21 (30-5)
2 – Տապըլ Քիք 21 (27-3)
3 – Ռապիթաթ Ուարտանիէ 17 (24-13)
4 – Հիլալ Նասր 17 (14-6)
5 – Ռիատի Արամուն 13 (26-19)
6 – Սաֆա Շուիթ 9 (15-17)
7 – Սեպլին Ռիատի 7 (12-24)
8 – Ռաուտա Տըքուանէ 6 (9-24)
9 – Ահլի Սարպա 6 (10-29)
10 – Ուահտէ Շուֆ 0 (1-28)
Կոլ-սքորըրներու դասաւորում
1 – Եուսէֆ Համատէ (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) 24 կոլ
2 – Հիւսէյն Իսմայիլ (Ռիատի Արամուն) 20 կոլ
3 – Ամիր Պու Ֆախըր (Տապըլ Քիք) 19 կոլ
Քասեմ Ապու Խաշֆէ (Ռապիթաթ Ուարտանիէ) 19 կոլ
4 – Սերժ Օսքեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) 16 կոլ