Գերմանիոյ ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որ անկայուն եղանակ մը կ՛անցընէ, շարունակեց իր ընթացքը եւ Միւնիխի մէջ 10 տարի անյաղթ մնալէ ետք Տորթմունտի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Այս արդիւնքէն ամէնէն աւելի օգտուեցաւ առաջին դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզըն, որ 39 մրցումներէ ի վեր անյաղթ է եւ շաբաթ օր 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Հոֆենհայմի դէմ մրցումին մինչեւ 88-րդ վայրկեան, կրցաւ 2 կոլ նշանակել շնորհիւ Ռոպերթ Անտրիշի եւ Փաթրիք Շիքի (91-րդ վայրկեան), մարզիչ Չապի Ալոնան ուրախացնելով: Մրցումէն առաջ Ալոնսօ յայտնած էր, որ պիտի մնայ Լեւերքուզընի հետ յառաջիկայ եղանակին ալ` բոլոր կասկածները հեռացնելով: Նախապէս «շշուկներ» կային, թէ Ալոնսօ կրնայ մեկնիլ Լիվըրփուլ, Պայերն Միւնիխ կամ նոյնիսկ Ռէալ Մատրիտ:
Յամենայն դէպս, Ալոնսօ կը կարծէ, թէ տակաւին կանուխ է մեծ խումբի հետ ըլլալու եւ կ՛ուզէ մնալ Պայեր Լեւերքուզընի հետ:
Նշենք, որ Պայեր Լեւերքուզըն 1979-ին բարձրացած էր առաջին դասակարգ եւ եղած բաւական անբախտ խումբ մը: 1996-1997 տարեշրջանին գրաւած էր 2-րդ դիրքը, ապա 1998-1999 եւ 1999-2000 տարեշրջաններուն ալ փոխախոյեան դարձած էր: Ամէնէն անբախտ տարեշրջանը 2001-2002-ն էր, որ Լեւերքուզըն 5 կէտի առաւելութիւն ունէր Տորթմունտի վրայ, աւարտէն 3 շաբաթ առաջ, եւ կորսնցուց 2 մրցումներ` կորսնցնելով ախոյեանութեան իր յոյսը: Աւելի՛ն, Գերմանիոյ բաժակի աւարտականին ալ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շալքէէն, ինչպէս նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականն ալ Ռէալ Մատրիտէն (2-1)` խումբին անունը կատակով «Նեւերքուզըն» (բնաւ) կոչելով:
Այս տարեշրջանին, Լեւերքուզըն ճիշդ է, որ շատ լաւ ֆութպոլ կը խաղայ, բայց պէտք է շեշտել, որ լուրջ մրցակից ալ չկայ Գերմանիոյ մէջ, ինչպէս է Պայերնի պարագան, որ 13 կէտով ետ կը մնայ «Պունտըսլիկա»-ի աւարտէն 7 մրցումներ առաջ:
Ստորեւ` 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Պրեմըն – Վոլֆսպուրկ 0-2
Մէօնշընկլատպախ – Ֆրայպուրկ 0-3
Ֆրանքֆորթ – Ունիոն Պերլին 0-0
Լայփցիկ – Մայնց 0-0
Լեւերքուզըն – Հոֆենհայմ 2-1
Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ 0-2
Աուկզպուրկ – Քէօլն 1-1
Շթութկարթ – Հայտընհայմ 3-3
Պոխում – Տարմշթատ 2-2
Դասաւորում
1 – Լեւերքուզըն 73 (68-19)
2 – Պայերն Միւնիխ 60 (78-33)
3 – Շթութկարթ 57 (63-34)
4 – Տորթմունտ 53 (55-32)
5 – Լայփցիկ 50 (60-32)