Այս շաբաթ ժամը 15:15-ին Պհամտունի «Ամիր Ապտել Նուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի իր 8-րդ շաբթուան մրցումը` Հիլալ Նասրի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցակիցը կը պայքարի Ռապիթաթ Ուարտանիէի հետ` գրաւելու 3-րդ դիրքը ուղղակիօրէն վերջին հանգրուան հասնելու համար, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւող խումբը Պէյրութի շրջանի Բ. դիրքը գրաւող խումբին հետ փլէյ օֆի մրցում մը պիտի կատարէ` գիտնալու վերջին հանգրուանի հասնող 12-րդ խումբին անունը:
Արդէն իսկ իրենց տոմսը շահած տղաքը պիտի փորձեն այս շաբաթ յաղթելով դառնալ Լեռնալիբանանի ախոյեան, առանց նոյնիսկ վերջին մրցումին արդիւնքը գիտնալու:
Յոյսով, որ ամբողջ մասնաճիւղի եղբայրներուն աշխատանքը իրենց նպատակին կը հասնի եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը կը հռչակուի Լեռնալիբանանի ախոյեան:
Ստորեւ` 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի յայտագիրը.
Տապըլ Քիք – Ռաուտա Տըքուանէ (շաբաթ ժամը 13:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
Հիլալ Նասր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (շաբաթ ժամը 15:15-ին Պհամտուն)
Ահլի Սարպա – Սաֆա Շուիթ (կիրակի ժամը 11:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
Ռիատի Արամուն – Սեպլին Ռիատի (կիրակի ժամը 13:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
Ուահտէ Շուֆ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ (կիրակի, ժամը 14:30-ին Անսարի դաշտ)