Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Առանց Լըպրոնի Յաղթեց Պաքսին

March 28, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր կարելին կ՛ընէ հասնելու փլէյ օֆի մրցումներուն, կրցաւ Միլուոքի Պաքսի դաշտէն յաղթական դուրս գալ 128-124 արդիւնքով:

Լէյքըրզ, որ 4-րդ մասին 19 կէտով ետ կը մնայ Միլուոքիէն, կրցաւ վերադառնալ եւ արդիւնքը հաւասարութեամբ աւարտել: Երկարաձգման ընթացքին բան չփոխուեցաւ, եւ երկու խումբերը 16-ական կէտ նշանակեցին… 5 վայրկեան եւս: 2-րդ երկարաձգման, Լէյքըրզ 11 կէտ նշանակեց, իսկ Պաքս` 7:

Օսթըն Ռիվզ իր ասպարէզի 2-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց` նշանակելով 29 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ 47 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ Անթոնի Տէյվիս, որ ծունկի ցաւէ կը տառապէր, 34 կէտ եւ 23 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, 52 վայրկեաններու ընթացքին:

«20 կէտի առաւելութիւն ունենալը այս օրերու… բան մը չէ, եթէ նկատի ունենանք, թէ որքա՛ն լաւ յարձակողական պասքեթպոլ կը կիրարկուի, եւ կարճ ժամանակի մէջ կրնաս արդիւնքը յեղաշրջել», ըսաւ Տէյվիս:

Միլուոքի Պաքսէն փայլեցան Եաննիս Անթեթոքումփօ (29 կէտ, 21 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ, 9-րդ թրիփըլ տապըլը այս տարեշրջանին), Տեմիըն Լիլըրտ (27 կէտ) եւ Մալեք Պիզլի (21 կէտ):

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրցաւ Ֆլորիտայի մէջ 113-92 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Մայեմի Հիթին:

Այս տարեշրջանին Կոլտըն Սթէյթ իր դարձէն դուրս աւելի յաղթանակ արձանագրած է, քան անոր մէջ, մինչ Մայեմիի համակիրները դաշտը կը թնդացնէին ամէն անգամ, որ Սթեֆ Քըրի 3 կէտնոց կողով մը նշանակէր:

«Երբ որեւէ դաշտ կը ներկայանաս, օտար խումբերու համակիրներ կը տեսնես կապոյտ-դեղին տարազ հագած: Սթեֆ շատ համակիրներ ունի ցամաքամասի ամէն կողմէն», ըսաւ Ուորիըրզի մարզիչ Սթիւ Քերր:

Սթեֆըն Քըրրի եւ Էնտրու Ուիկինզ 17-ական կէտեր նշանակեցին: Քլէյ Թոմփսըն, որ վերջերս պահեստի մարզիկ եղած էր, երէկ մրցումի սկիզբէն մասնակցեցաւ եւ 28 կէտ նշանակեց, մինչ Ճոնաթըն Քամինկա աւելցուց 18 կէտ ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթի: Մայեմի կը խաղար առանց Ճիմի Պաթլըրի, որ հիւանդ էր, մինչ Թայլըր Հետրօ (16 մրցումէ ի վեր բացակայ), Քեւըն Լաւ (14 մրցումէ ի վեր բացակայ) եւ Տանքըն Ռոպինսըն (4 մրցումէ ի վեր բացակայ) վիրաւոր են:

Պեմ Ատեպայօ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի, որ անցեալ տարի «Էն. Պի. Էյ.»-ի փոխախոյեանն էր:

Լուքա Տոնչիչ եւ Քայրի Ըրվինկ կը շարունակեն փայլիլ` Տալաս Մեւրիքսը առաջնորդելով յաջորդական 5-րդ յաղթանակին:

Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ մրցումին (այս վերջինիս դաշտին վրայ), Տալաս մինչեւ 39 կէտի առաւելութիւն ալ ձեռք ձգեց եւ 22 անգամ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:

Լուքա Տոնչիչ իր 28 կէտերէն 26-ը մրցումի առաջին կէսին նշանակեց: Ան ձեռք ձգեց նաեւ 11 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ` օգնելով Տալասին, որ գրաւէ 6-րդ դիրքը` գերազանցելով Սաքրամենթոյին, որ ուղղակիօրէն կը մրցի այդ «ապահով դիրքին» համար` հասնելու փլէյ-օֆ:

Ինչպէս գիտէք, 8 խումբեր կը հասնին փլէյ-օֆ, անոնցմէ 6-ը ուղղակի, իսկ 7-րդէն 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը փլէյ-ին կարճ զտումի մը կը մասնակցին, որոնցմէ 2-ը կը միանան մնացեալ 6-ին:

Քայրի Ըրվինկ 24 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, մինչ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի:

Տը՛Արոն Ֆոքս 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քինկզի, մինչ Քիկըն Մարէյ աւելցուց 17 կէտ:

Նշենք, որ 2 օր առաջ Պոսթըն Սելթիքս 30 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք Աթլանթա Հոքսի դաշտին վրայ, 120-118 արդիւնքով պարտուած էր:

Պոսթըն իր վերջին 22 մրցումներուն 20 յաղթանակ ապահոված է եւ 3 յաջորդական յաղթանակներ ունէր:

Հետաքրքրական մրցումի մը, այս գիշեր ախոյեան Տենվըր Նակեթց պիտի հիւրընկալէ Ֆինիքս Սանզը:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Միլուոքի Պաքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 124-128
Մայեմի Հիթ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 92-113
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 112-119
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տալաս Մեւրիքս 96-132

Նախորդը

Տասը Կուսանաց Յիշատակում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

ՖԻՖԱ-ի Շաբաթ. Հայաստան Պարտուեցաւ, Բայց…

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.