Վաղը ժամը 13:15-ին, Պիր Հասանի դաշտին վրայ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 9-րդ եւ վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Նուժում Պէյրութի դէմ:
Մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց կարելին տալ տարեշրջանը լաւ ձեւով փակելու, ինչպէս որ սկսան Պէյրութ Ֆ. Ք. խումբին դէմ:
Յոյսով, որ յառաջիկայ տարեշրջանին աւելի լուրջ պատրաստութիւն տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի խումբը պատրաստուի Գ. դասակարգ բարձրանալու եւ ոչ թէ պարզապէս մասնակցելու: Վարձքը կատար բոլոր մարզիկներուն, որոնք կարճ ժամանակ ունէին պատրաստուելու, եւ բոլոր անոնց, որոնք խումբին համար կ՛աշխատին:
Ստորեւ` վերջին հանգրուանի յայտագիրը.
Ժամը 13:15-ին
Նուժում Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ (Պիր Հասանի դաշտ)
Ժամը 15:00-ին
Սապիլ – Անդրանիկ (Մապարրայի դաշտ)
Զամալեք – Տինամօ Պէյրութ (Անսարի դաշտ)
Լիբանանեան բանակ – Նօ Լիմիթց (Ահտի դաշտ)
Արզ – Պէյրութ Ֆ. Ք. (Սաֆայի դաշտ)