Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Աթլանթա Հոքս 30 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Անակնկալի Բերաւ Պոսթըն Սելթիքսը

«Էն. Պի. Էյ.» Աթլանթա Հոքս 30 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Անակնկալի Բերաւ Պոսթըն Սելթիքսը

Տէանտրէ Հանթըր 24 կէտ նշանակեց, ներառեալ 3 կէտնոց կողով մը` մրցումի աւարտէն 9 երկվայրկեան առաջ, օգնելով Աթլանթա Հոքսին, որ յաղթէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն խումբին` Պոսթըն Սելթիքսի, 120-118 արդիւնքով: Պոսթըն, որ իր վերջին 22 մրցումներէն 22-ին յաղթած էր եւ 9 յաջորդական յաղթանակ տարած, շատ հանգիստ կը խաղար, երբ Ալ Հորֆըրտի 3 կէտնոց կողովն ալ 68-38-ի բարձրացուց տարբերութիւնը, կիսախաղէ 4 վայրկեան...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մեծ Յաղթանակով (8-0) Սկսաւ Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կը Սուրայ

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շարունակեց իր յաղթարշաւը, եւ անոր վերջին «զոհ»-ն էր Ահլի Սարպան, որ 47-րդ վայրկեանին դաշտին վրայ օրինական թիւ չունենալուն պատճառով (նուազագոյնը 7 պէտք է ըլլայ), իրաւարարը մրցումը աւարտեց 6-0 արդիւնքով: 3-րդ վայրկեանին Դ. դասակարգի լաւագոյն կոլսքորըրը` Եուսեֆ Համատէ, բացաւ մրցումին հաշիւը, որմէ 6 վայրկեան ետք նոյնինքն Համատէ նշանակեց իր եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 2-րդ կոլը: Հասան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սանզ Յաղթեց Եւ 6-րդ Դիրքը Գրաւեց

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզ Յաղթեց Եւ 6-րդ Դիրքը Գրաւեց

Ֆինիքս Սանզ երէկ Թեքսասի մէջ մրցում մը ունեցաւ տեղւոյն Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտին վրայ, ուր փայլեցաւ Տեւըն Պուքըր - Քեւըն Տիւրենթ զոյգը: Ֆինիքս 131-106 արդիւնքով յաղթեց եւ պահ մըն ալ 32 կէտի առաւելութիւն ունէր: Տեւըն Պուքըր 32 կէտ նշանակեց եւ 4-րդ մասին նստեցաւ հանգստանալու: «Պուքըր թիւ մէկ խաղցողն էր այս գիշեր: Ան կը նշանակէր, կը փոխանցէր: Ամբողջ մրցումը կը կառավարէր»,...

«Ֆորմիւլա 1».  Քարլոս Սայնց Կը Շահի Աւստրալիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Քարլոս Սայնց Կը Շահի Աւստրալիոյ Կրան Փրին

Քարլոս Սայնց եւ Շարլ Լըքլեր Ֆեռարիի հետ 1-2 իրագործեցին երէկուան Աւստրալիոյ կրան փրիին, որուն ընթացքին աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն 4 շրջան ետք մրցումը լքեց, երբ ետեւի անիւին արգելակի հարցով կրակ առած էր անոր անիւը: Վերշթափըն վերջին անգամ 2022-ին Աւստրալիոյ կրան փրիին կիսատ ձգած էր մրցումը: Սպանացի Սայնց, որ 2-րդ շրջանին կրցած էր անցնիլ Վերշթափընին, կրցաւ առաջին դիրքը պահել մինչեւ մրցումի...

ՖԻՖԱ-ի Շաբթուան Մրցումներ.  Հայաստան, Ֆրանսա Եւ Անգլիա Պարտուեցան

ՖԻՖԱ-ի Շաբթուան Մրցումներ. Հայաստան, Ֆրանսա Եւ Անգլիա Պարտուեցան

ՖԻՖԱ-ի շաբթուան մրցումները սկսան անցեալ շաբաթավերջին: Երեւանի մէջ, ուրբաթ իրիկուն, Հայաստանի ազգային խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քոսովոյի դէմ մրցումին: 25-րդ վայրկեանին Միլոթ Ռաշիցա նշանակեց Քոսովոյի կոլը: 45-րդ վայրկեանին Հայաստան առիթ ունեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնելու: Արդարեւ, Վահան Պիչախչեանի վրայ կարծր ֆաուլէ մը ետք, իրաւարարը փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Հայաստանի, որ նոյնինքն Պիչախչեանը հարուածեց, բայց Քոսովոյի բերդի սիւնը զսպեց անոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Ռիատի` 81-108

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղաքը Լաւ Սկսան, Բայց…

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը հինգշաբթի գիշեր մրցում մը ունէր Մէյրուպայի դէմ: Համակիրներու գեղեցիկ մթնոլորտէն ոգեւորուած, մեր տղաքը շատ լաւ ձեւով սկսան մրցումը եւ առաջին մասին 41-17 արդիւնքով յառաջացան: Ճամալ Ճոնզ, որ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց, 18 կէտ նշանակեց, մինչ Զեք Լոֆթըն 10 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ժերար Հատիտեան (6 կէտ) Կեպի Աճէմեան (4 կէտ) եւ Ժատ Խալիլ (3...

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի  Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Ահլի Սարպա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ահլի Սարպա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Ահլի Սարպայի դէմ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի 7-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով: Ինչպէս միշտ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը դաշտ պիտի ներկայանան մէկ նպատակով` յաղթելու եւ 3 կէտերը շահելով սպասելու 8-րդ եւ նախավերջին մրցակիցին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի ցուցմունքներով իրենց կարելին պիտի ընեն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Յաղթեց Եւ Գրաւեց 6-րդ Դիրքը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Եւ Գրաւեց 6-րդ Դիրքը

Լուքա Տոնչիչ 34 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ, իր խումբը` Տալաս Մեւրիքսը առաջնորդելով 113-97 արդիւնքով յաղթանակի` Եութա Ճեզի դէմ: Տալաս բարելաւեց իր դիրքը` արձանագրելով 7-րդ յաղթանակը վերջին 8 մրցումներուն, եւ գրաւեց 6-րդ (ապահով) դիրքը փլէյ օֆի մրցումներուն ուղղակիօրէն հասնելու յոյսով: Տակաւին 12 մրցումներ կան, եւ պայքարը սուր է Ֆինիքս Սանզի, Սաքրամենթոյի եւ Տալասի միջեւ` ապահով դիրք...

«Ֆորմիւլա 1».  Վաղը Առաւօտ` Աւստրալիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Առաւօտ` Աւստրալիոյ Կրան Փրին

Վաղը Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 6:00-ին Մելպուռնի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան 3-րդ կրան փրին` Աւստրալիոյ կրան փրին: Երէկ առաջին երկու փորձերուն Ֆեռարի շատ լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց` Ռետ Պուլի մենատիրութիւնը կասկածի տակ դնելով: Շարլ Լըքլեր 1 վայրկեան 17,277 երկվայրկեան արդիւնք մը ձեռք ձգեց, 0,381 երկվայրկեանով աւելի արագ` ախոյեան Վերշթափընէն: Լըքլերի խմբակից Քարլոս Սայնց, որ կուրաղիքի գործողութեան պատճառով...

Աւստրալիա – Լիբանան` 2-0

Աւստրալիա – Լիբանան` 2-0

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ պարտութիւն մը կրեց Սիտնիի մէջ, Աւստրալիոյ դէմ զտումի առաջին մրցումին, 2-0 արդիւնքով: Այս մրցումը Ասիոյ 3-րդ հանգրուանին գծով զտումի մրցումներու ծիրին մէջ է` 2026-ի մոնտիալի եւ 2027-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի, որ տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Քէանու Պաքոս 5-րդ վայրկեանին երկար փոխանցում մը փորձեց բարձրացնել աջ կողմէն, որ Լիբանանի բերդապահ Մուսթաֆա Մաթարի բերդի աջ...

«Ֆորմիւլա 1».  Աւստրալիոյ Կրան Փրին` Այս Կիրակի

«Ֆորմիւլա 1». Աւստրալիոյ Կրան Փրին` Այս Կիրակի

Այս կիրակի, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 6:00-ին տեղի կ՛ունենայ Աւստրալիոյ կրան փրին, «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան 3-րդ մրցումը, Մելպուռնի շրջավազքին վրայ: Մէկ շրջանի երկայնք` 5,278 քմ: Ընդհանուր մրցում` 306,124 քմ, 58 շրջան: 2023-ին Փոլ Փոզիշըն ձեռք ձգեց Մաքս Վերշթափըն (Նետերլանտներ), Ռետ Պուլ, 1 վայրկեան 16,732 երկվայրկեան: Ախոյեան` Վերշթափըն: Ամէնէն արագ շրջան` Սերխիօ Փերես (Մեքսիքա), Ռետ Պուլ, 1:20.235: 2020-ին եւ 2021-ին...

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքս Սանզ Յաղթեց. Տիւրենթ Պատմութեան 8-րդ Առաւելագոյն Կէտ Նշանակողը

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքս Սանզ Յաղթեց. Տիւրենթ Պատմութեան 8-րդ Առաւելագոյն Կէտ Նշանակողը

Արիզոնայի մէջ Ֆինիքս Սանզ իր Ֆութփրինթ Սենթըրին մէջ 115-102 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին: Կրէյսըն Ալըն 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքսի` 9 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով: Քեւըն Տիւրենթ 22 կէտ աւելցուց, իսկ Տեւըն Պուքըր 18 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ կատարեց: Ասիկա գեղեցիկ մրցում մը չէր Ֆինիքսի համար, որ 23 թըրն օվըր կատարեց, բայց Տիւրենթ չէր գանգատեր:...

ՖԻՖԱ-ի Ազգային Խումբերու Մրցումներ.  Այսօր` Հայաստան – Քոսովօ

ՖԻՖԱ-ի Ազգային Խումբերու Մրցումներ. Այսօր` Հայաստան – Քոսովօ

Այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, Հայաստանի ազգային խումբը բարեկամական մրցում մը ունի կատարելիք Քոսովոյի դէմ, ՖԻՖԱի շաբթուան ազգային խումբերու դադարի գծով: Բազմաթիւ ազգային խումբեր կը պատրաստուին 2024-ի Եւրպայի ախոյեանութեան, այլ խումբեր կը խաղան 2026-ի զտումի մրցումներ, իսկ կարգ մը ազգային խումբեր ալ կը պատրաստուին այլ միջազգային մրցումներու: Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Վահան Պիչախչեան յայտնեց, թէ ինք եւ ազգային խումբը...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մրցի Մէյրուպայի դէմ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, գիշերուան ժամը 21:00-ին: Ախոյեանութեան նախավերջին այս մրցումը շատ կարեւոր է, մանաւանդ որ շատ խումբեր իրար մօտ են, եւ ֆայնըլ էյթի դիրքը կը յստականայ այս վերջին երկու հանգրուաններու աւարտին: Մեր համակիրներէն կը սպասուի քաջալերել տղաքը, որոնք պէտք ունին այս յաղթանակին` նկատի ունենալով, որ...

Խաչանով – Ռուպլեւ Բարեգործական Մրցումին 100 Հազար Ամ. Տոլար` Արցախահայութեան

Խաչանով – Ռուպլեւ Բարեգործական Մրցումին 100 Հազար Ամ. Տոլար` Արցախահայութեան

Աշխարհահռչակ թենիսմեններ ռուսահայ Կարէն Խաչանով եւ ռուս Անտրէ Ռուպլեւ մասնակցեցան թենիսի բարեգործական մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ այս մրցումին հասոյթը, որ 100 հազար ամ. տոլար էր, տրամադրուեցաւ արցախահայութեան: Անիկա տեղի ունեցաւ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»-ի Լոս Անճելըսի թենիսի կեդրոնի դաշտին վրայ: Մրցումին Խաչանով 6-3, 4-6 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ, բայց անոր...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Լաւ Չխաղցաւ, Բայց Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Լաւ Չխաղցաւ, Բայց Յաղթեց

Տալաս Մեւրիքսի աստղ Լուքա Տոնչիչ երէկ լաւ ելոյթ չունեցաւ, բայց կրցաւ իր 8-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործել վերջին 10 մրցումներուն` օգնելով իր խումբին, որ 113-107 արդիւնքով յաղթէ Սան Անթոնիօ Սփըրզի` վերջինիս դաշտին վրայ: Քայրի Ըրվինկ 28 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ, մինչ Տոնչիչ 18 կէտ նշանակեց` կատարելով 16 էսիսթ եւ 10 ռիպաունտ: Ան 27 հարուածներէն միայն 6-ը նշանակեց: «Այո, յաղթանակը կը...

Կարճ Լուրեր

Կարճ Լուրեր

ՏՈՐԹՄՈՒՆՏԻ եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին յետսապահ Մաթս Հումելզ հաւանաբար լքէ ֆութպոլի իր ասպարէզը այս եղանակի աւարտին, ըստ «Պիլտ»-ի: Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ ամրան, եւ այժմ ոչ մէկ խօսք կայ այդ պայմանագրութեան երկարաձգման կամ այլ ակումբ փոխանցուելու առաջարկի մասին: Հումելզ 2019-էն ի վեր կը կրէ Տորթմունտի տարազը: Ան նախապէս 2008-էն 2016 կը խաղար Տորթմունտի հետ, ապա փոխանցուած էր Պայերն...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Սեպլին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սարպա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթ օր, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ահլի Սարպային դէմ, Բ. հանգրուանի 7-րդ` շաբթուան մրցումներուն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը իրենց մրցակիցի մակարդակին չնայելով լուրջ մրցում մը պիտի կատարեն եւ 3 կէտ շահելու համար դաշտ պիտի ներկայանան` մրցելու, պայքարելու եւ վերջնական յաղթանակը ձեռք բերելու գնով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը 18 կէտ հաւաքած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Ռիատի` 81-108

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Վաղը ժամը 21:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց վերջին մրցումը պիտի կատարեն մեր դաշտին վրայ, ֆայնըլ էյթի մրցումներէն առաջ, Մէյրուպայի դէմ: Երթին Մէյրուպայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ 81-77 արդիւնքով յաղթած էր իր մրցակիցին, որ 16 մրցումներու ընթացքին միայն 1 մրցում կրցած է յաղթել: ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ խաղալ միայն յաղթելու նպատակով, համակիրներու քաջալերանքէն օգտուելով,...

Ժիրոնա Հետաքրքրուած Է  Սփիրձեանով

Ժիրոնա Հետաքրքրուած Է Սփիրձեանով

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեանով հետաքրքրուած է սպանական Ժիրոնա ակումբը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, ռուսական մամլոյ աղբիւրներ կը յայտարարեն այս լուրի մասին: Սպանական խումբը քանի մը մրցումէ ի վեր մօտէն կը հետաքրքրուի հայ միջնապահին ելոյթներուն եւ հաւանական է, որ այս ամառ ան փոխադրուի սպանական ակումբ, որ կը պայքարի մասնակցելու «Չեմփիընզ լիկ»-ին: Նախապէս Իտալիոյ «հսկան»` Եուվենթուս հետաքրքրուած էր Սփերձեանի ծառայութիւններով, բայց...

Page 217 of 1281 1 … 216 217 218 … 1,281

Արխիւներ