Պրազիլցի ֆութպոլիստ Տենի Ալվես, որ 4,5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր Պարսելոնայի մէկ գիշերային ակումբին մէջ աղջկայ մը բռնաբարութեան յանցանքով, ազատ արձակուեցաւ երաշխաւորման գումարի մը վճարումէն ետք:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պարտքերու եւ դրամատնային հաշիւի սառեցման պատճառով անկարող Ալվեսին օգնած է իր նախկին խմբակից Մեմֆիս Տեփայ: Անոնք 2021-2022 տարեշրջանին միասնաբար խաղցած են Պարսելոնայի տարազով: Այժմ Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Տեփայ 1 միլիոն եւրօ վճարած է, որպէսզի ազատ արձակուի Տենի Ալվես:
Ալվես, որ Պրիանս 2 բանտին մէջ կը գտնուէր յունուար 2023-էն, չի կրնար լքել Սպանիան եւ ամէն ուրբաթ պէտք է ներկայանայ դատարան: Ալվեսի նաեւ արգիլուած է 1000 մեթրէն աւելի մօտենալ բռնաբարած աղջկան: