Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» համալիրին պասքեթպոլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը պիտի կատարէ 18-րդ հանգրուանին գծով ախոյեանութեան վերջին մրցումը Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ:
Անշուշտ տակաւին ֆայնըլ էյթի եւ յաջորդող հանգրուանները կան: Այսօր ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի ներկայանան դաշտ 2 օտար մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ 3-րդ օտարը` Զեք Լոֆթըն, կախակայուած է: Ճամալ Ճոնզ եւ Տուէյն Ճեքսըն, իրենց հետ խմբապետ Ժերար Հատիտեան, Ժատ Խալիլ, Կեպի Աճէմեան, Ճիմի Սալեմ, Սերուժ Աւետիսեան, Թանիոս Աքիքի, Գէորգ Գէորգ, Տանիէլ Պաղտատեան եւ Կերի Չիւիչեան (եթէ պատրաստ ըլլայ) քանի վայրկեան ալ մասնակցին պիտի տան իրենց առաւելագոյնը` վերջնական յաղթանակին տիրանալու, խումբի մը դէմ, որ 3 օտարներով խաղալու իրաւունք ունի եւ մեզի անակնկալի բերած էր երթին` յաղթելով մեր դաշտին վրայ:
Նոյն ժամուն, Շանվիլի դպրոցի դաշտին վրայ, Շանվիլ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկը: Երթին Անդրանիկ կրցած էր յաղթել Շանվիլին, եւ յուսանք այսօր ալ կը կրկնուի այդ արդիւնքը, որպէսզի ֆայնըլ էյթին ՀՄԸՄ առաւելութիւն ունենայ առաջին մրցումը դաշտին վրայ խաղալու իրաւունքի ստանալու:
Երէկ սկսած էին վերջին հանգրուանի մրցումները, ուր Հուփս իր դաշտին վրայ 66-77 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անթունիէէն:
Անթունիէ 1 օրուան համար գրաւեց 6-րդ դիրքը, բայց Անդրանիկ այսօր կրնայ վերագրաւել 6-րդ դիրքը, ինչ ալ ըլլայ արդիւնքը:
Հուփս դուրս մնաց ֆայնըլ էյթէն եւ տարեշրջանը աւարտեց 9-րդ դիրքի վրայ` 18 մրցումներու ընթացքին յաղթելով 3 մրցումներ:


