 Գերմանիոյ Գ. դասակարգի ակումբներէն Զաարպրիւքըն, որ դուրս ձգած էր ախոյեան Պայերն Միւնիխը, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը դուրս մնաց Գերմանիոյ բաժակի կիսաւարտականին` պարտութիւն մը կրելէ ետք Բ. դասակարգի Քայզըրսլաութըրնէն:

Քայզըրսլաութըրն հասաւ աւարտականի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ 25 մայիսին:
Քայզըրսլաութըրն, որ կը պայքարի մնալու Բ. դասակարգին մէջ, կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել Զաարպրիւքընի շնորհիւ Մարլոն Ռիթըրի եւ Ալմամի Թուրէի կոլերուն (53-րդ եւ 75-րդ վայրկեաններուն)` օգտուելով բերդապահին սխալներէն: 1990-ին եւ 1996-ին բաժակակիր Քայզըրսլաութըրն իր դէմ պիտի ունենայ Պայէր Լեւերքուզըն-Ֆորթունա Տիւսելտորֆ (Բ. դասակարգ) մրցումին յաղթականը: