Վաղը, ժամը 15:15-ին Պհամտունի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր նախավերջին մրցումը պիտի կատարէ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին գծով` Հիլալ Նասրի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արդէն իսկ ձեռք ձգած է աւարտական հանգրուանի իր տոմսը եւ պիտի փորձէ անպայման յաղթել, որպէսզի շահի Լեռնալիբանանի ախոյեանի տիտղոսը:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած են կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի հրապարակէն համակիրներ փոխադրելու համար դէպի Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» դաշտը, եւ անշուշտ համակիրներուն քաջալերանքով խրախուսուած, մեր տղաքը յաւելեալ ճիգ կրնան թափել մրցակիցի մը դէմ, որ դժուար կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ կը փորձէ 3-րդ դիրքը գրաւել` ուղղակիօրէն անցնելու աւարտական հանգրուան:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կողքին Տապըլ Քիք արդէն իսկ շահած է աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, մինչ 3-րդ տոմսին համար կը պայքարին Ռապիթաթ Ուարտանիէ եւ Հիլալ Նասր:
Ստորեւ` 8-րդ եւ նախավերջին շաբթուան յայտագիրը.
ՎԱՂԸ
Տապըլ Քիք – Ռաուտա Տըքուանէ (ժամը 13:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասր (ժամը 15:15-ին Պհամտուն)
ԿԻՐԱԿԻ
Ահլի Սարպա – Սաֆա Շուիթ (ժամը 11:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
Ռիատի Արամուն – Սեպլին Ռիատի (ժամը 13:00-ին, Սին Էլ Ֆիլ)
Ուահտէ Շուֆ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ (ժամը 14:30-ին, Անսարի դաշտ)