Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց, Բայց Մնաց 5-րդ Դիրքին Վրայ

Մարտ 29, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրէ ետք, Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 94-84 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էն. Էս. Էյ.-ը եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը, մանաւանդ որ Շանվիլ 3 կէտով պարտութեան մատնելէ ետք Անդրանիկը, մնաց 4-րդ դիրքին վրայ:

Մրցումին առաջին մասը շատ վատ էր ՀՄԸՄ-ի համար, որ ամէն տեսակի ժխտական բաներու հանդիպեցաւ: Սկսելով փլէյ մէյքըր Ժատ Խալիլէն, որ հազիւ 6 վայրկեան կրցաւ խաղալ եւ վիրաւորուելով չկրցաւ շարունակել մրցումը: Ինչպէս կ՛ըսեն` տղոց «ձեռքը գոց» էր, եւ անոնք միայն 11 կէտ կրցան նշանակել: Բ. մասին ամբողջ խումբը բարելաւեց իր խաղը, եւ խմբապետ Ժերար Հատիտեանի հետ բոլորն ալ շարժեցան 31 կէտեր նշանակելով եւ մինչեւ կիսախաղ 38-42 արդիւնքով առաւելութիւն մըն ալ ունեցան: Բ. կիսախաղին ալ շարունակուեցաւ նոյն ընթացքը, եւ Տուէյն Ճեքսըն առանձին 16 կէտ նշանակեց 3-րդ մասին` արդիւնքը բարձրացնելով 75-52-ի ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Վերջին մասին արդէն ժխտական կէտերը բազմացան Ճիմի Սալեմի վտարումով եւ ֆաուլերու թիւերուն աւելնալով, բայց տղաքը իրենց առաւելութիւնը պահեցին` մրցումը աւարտելով 84-94 արդիւնքով:

Ուրեմն, 12 յաղթանակ եւ 6 պարտութիւն արձանագրած երկու խումբերն ալ` Շանվիլ եւ ՀՄԸՄ իրար դէմ մրցումներու տարբերութեամբ գրաւեցին 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը եւ իրար դէմ պիտի մրցին ֆայնըլ էյթին:

Նախորդը

Լիբանանի Միջդպրոցական Ախոյեանութիւ՛ն. Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Տարեշրջանի Փակման Մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նուժում Պէյրութ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?