Այսօր կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան վերջին շաբթուան մրցումները, որոնք վերջնականապէս պիտի վճռեն ընդհանուր դասաւորումը:
Դասաւորումը առաջին դիրքէն 7-րդ դիրք կրնայ փոփոխութիւններ կրել: Կիրակի օրուան Ռիատիի պարտութիւնը Պէյրութէն (93-83) վտանգեց անոր գրաւած առաջին դիրքը, եւ շաբաթ օր Մանարայի դէմ Ռիատի – Սաժես ճակատումը աւարտականի «համ» կրնայ ունենալ, մանաւանդ որ երկու խումբերն ալ կը նախընտրեն առաջին դիրքը գրաւել` ունենալու համար առաջին մրցումը «իր դաշտին վրայ խաղալու առաւելութիւնը»:
Սկզբունքով վաղը տեղի ունենալիք Մէյրուպա – Պէյրութ մրցումը պէտք է դիւրին ըլլայ Պէյրութի համար:
Եթէ Պէյրութ յաղթէ (վաղը), իսկ Սաժես 4 կէտով կամ աւելի առաւելութեամբ կարենայ յաղթել Ռիատիին, Սաժես պիտի գրաւէ առաջին դիրքը, Ռիատի` 2-րդ, իսկ Պէյրութ` 3-րդ:
Եթէ Սաժես 3 կէտով կամ աւելի նուազ արդիւնքով յաղթէ Ռիատիին, վերջինս կը մնայ առաջին, Սաժես` 2-րդ եւ Պէյրութ` 3-րդ:
Իսկ եթէ Ռիատի յաղթէ, ան պիտի մնայ պարագլուխի դիրքի վրայ, Պէյրութ պիտի գրաւէ 2-րդ դիրքը, իսկ Սաժես` 3-րդ:
ՀՄԸՄ-ի պարագային, անիկա նոյն կէտերը ունի Շանվիլի նման, եւ վաղը ժամը 16:00-ին երկու խումբերն ալ պիտի մրցին նոյն պահուն:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մեկնին Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ»-ի դաշտ` մրցելու Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ: Երթին Էն. Էս. Էյ. անակնկալի բերած էր մեր տղաքը, եւ Մըզհերի մէջ 83-87 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր անցեալ 20 դեկտեմբերին:
Այժմ ամէն ինչ փոխուած է, եւ մեզի կը մնայ ամէն գնով պայքարիլ յաղթելու համար, չաճապարել դիւրին կողովներու երթալով, մրցակիցէն ֆաուլ շահելու համար խաղալով: Այս մրցումին ՀՄԸՄ պիտի ունենայ 2 օտար, մանաւանդ որ Զեք Լոֆթըն վերջին մրցումին վտարուած էր: Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը վաղը հանգիստ խաղան, կարելի եղածին չափ «մաքուր» խաղան, նոյն պահուն ի մտի ունենալով, որ յաղթանակը կրնայ 1 դիրքով բարելաւել մեր դիրքը, անշուշտ եթէ Շանվիլ – Անդրանիկ մրցումին Անդրանիկ անակնկալի բերէ իր մրցակիցը, ինչպէս վերջերս կատարեց Պէյրութի դէմ մրցումին, եւ նոյնինքն Շանվիլի դէմ, երբ 88-76 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտէն:
Եթէ ՀՄԸՄ-ը գրաւէ 4-րդ դիրքը` Շանվիլի փոխարէն, ֆայնըլ 8-ին, դաշտի առաւելութիւն կ՛ունենայ Շանվիլի դէմ:
Ստորեւ` բնական ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին շաբթուան յայտագիրը.
Այսօր` ժամը 6:00-ին Հուփս – Անթունիէ
Վաղը` ժամը 16:00-ին Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ
Շանվիլ – Անդրանիկ
Ժամը 21:00-ին Մէյրուպա – Պէյրութ
Շաբաթ օր` ժամը 21:00-ին Ռիատի – Սաժես
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ | ՅԱՂԹ. | ՊԱՐՏ. | ԿԷՏ |
1.- Ռիատի | 14 | 3 | 31 |
2.- Սաժես | 13 | 4 | 30 |
3.- Պէյրութ | 12 | 5 | 29 |
4.- Շանվիլ | 11 | 6 | 28 |
5.- ՀՄԸՄ | 11 | 6 | 28 |
6.- Անդրանիկ | 8 | 9 | 25 |
7.- Անթունիէ | 7 | 10 | 24 |
8.- Էն. Էս. Էյ. | 5 | 12 | 22 |
9.- Հուփս | 3 | 14 | 20 |
10.- Մէյրուպա | 1 | 16 | 18 |
Նշենք, որ այս տարի ոչ մէկ խումբ պիտի իջնէ Բ. դասակարգ` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութենէն քիչ առաջ, Լիտըրզ եւ Տինամօ քաշուած էին ախոյեանութենէն եւ ինքնաբերաբար փոխադրուած Բ. դասակարգ: