Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի Եւ Արսենալ – Պայերն Միւնիխ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի Եւ Արսենալ – Պայերն Միւնիխ

Այսօր կը սկսին Եւրոպայի ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան` «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի մրցումները: Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով պիտի մրցի անցեալ տարուան տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթիի դէմ: Սպանական կազմը, որ 14 անգամ շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ը (մրցանիշ), 2021-2022 տարեշրջանին յետ երկարաձգման դուրս ձգած էր Սիթին (3-4 եւ 3-1) կիսաւարտականին, բայց անգլիական կազմը անցեալ տարեշրջանին դուրս ձգած էր Ռէալը (1-1...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լոս Անճելըս Քլիփըրզ Կրցաւ Յաղթել Վերջին Երկվայրկեաններուն

«Էն. Պի. Էյ.» Լոս Անճելըս Քլիփըրզ Կրցաւ Յաղթել Վերջին Երկվայրկեաններուն

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 26 կէտով ետ կը մնար, երբ ինքզինք գտաւ մրցումի երկրորդ կիսախաղին: Թերենս Մանն 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, հաւասարեցնելով արդիւնքը, ապա Ամիր Քոֆրի 3 կէտ եւս նշանակեց, եւ Քլիփըրզ 118-115 արդիւնքով յառաջացաւ: Ճերըթ Էլըն 3 կէտ եւս նշանակեց արդիւնքը 118-ի հաւասարեցնելով: Թայմ աութէ մը ետք Փոլ Ճորճ նշանակեց 2 կարեւոր կէտեր` արդիւնքը դարձնելով 120-118, մրցումի աւարտէն 7...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-Շանվիլ` 93-85

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-Շանվիլ` 93-85

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ֆայնըլ 8-ի մրցումները սկսան երէկ, եւ առաջին ելոյթին ՀՄԸՄ շատ կարեւոր յաղթանակով վերադարձաւ Շանվիլի դաշտէն: ՀՄԸՄ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 21-18 արդիւնքով յառաջացաւ: Ժատ Խալիլ, որ անցեալ շաբաթ փորձ ըրած չէր, լաւ սկսաւ մրցումը` 7 կէտ նշանակելով առաջին մասին եւ 2 արագ ֆաուլեր ալ կատարելով: Զեք Լոֆթըն իր կարգին լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը...

Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Լեռնալիբանանի Ախոյեան

Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Լեռնալիբանանի Ախոյեան

Երէկ, շատ հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռապիթաթ Ուարտանիէն, դարձաւ Լեռնալիբանանի ախոյեան: Սերժ Օսքեան (2 կոլ), Իպրահիմ Մուսաուի եւ Եուսեֆ Համատէ նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը: Արդիւնքը 3-3 արդիւնքով հաւասար կ՛աւարտէր, երբ Ալի Ֆահս աջ կողմէն մտաւ եւ շատ գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց կեդրոն, ուր վրայ հասաւ Դ. դասակարգի կոլսքորըր Եուսեֆ Համատէ, որ գլխու հարուածով...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Շաբաթավերջը

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-2024 տարեշրջանի մինի ֆութպոլի տղոց եւ աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, ինչպէս նաեւ շարունակուեցան պասքեթպոլի մրցումները: Մինի ֆութպոլի աղջկանց մրցումներուն, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աղջկանց խումբը 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան քոլեճի խումբէն: Երկրորդ կիսաւարտականին Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան 1-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազգային միացեալ վարժարանէն: 14 տարեկանէն վար տղոց կիսաւարտականի...

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Եւ Ռետ Պուլ Վերադարձան

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Եւ Ռետ Պուլ Վերադարձան

Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին կրան փրիին Ֆեռարի գրաւած էր առաջին երկու դիրքերը, սակայն երէկ Ճափոնի մէջ Ռետ Պուլ վերադարձած էր ըսելու, թէ Աւստրալիոյ մէջ թեքնիք խանգարում մը կար, եւ Ռետ Պուլ կը մնայ լաւագոյնը` գրաւելով առաջին 2 դիրքերը, մրցումի մը, ուր վարորդի կողքին լաւ ինքնաշարժ ունենալն ալ կարեւոր էր: Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն (Ռետ Պուլ) գրաւեց առաջին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Այսօր` Մինի Ֆութպոլի Կիսաւարտականի Մրցումները

Այսօր ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-2024 տարեշրջանի մինի ֆութպոլի տղոց եւ աղջկանց մրցումները կը շարունակուին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» դաշտին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, առաջին դաշտին վրայ, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աղջկանց խումբը պիտի մրցի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի խումբին դէմ: Երկրորդ կիսաւարտական մրցումին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աղջկանց խումբը պիտի մրցի Ազգային միացեալ...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ

Լեռնալիբանանի ֆութպոլի 2023-2024 տարեշրջանը կը փակուի վաղը երեկոյեան ժամը 17:30-ի ատենները, ուր կը յստականայ այս տարեշրջանի ախոյեանին անունը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը ամէն գնով պիտի փորձեն դառնալ այդ ախոյեանները եւ 90 վայրկեան պայքարելով, կոլի առիթներ ստեղծելով, նշանակելով եւ լաւ ձեւով պաշտպանելով ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ուրախացնելու ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի համակիրները` շահելով տիտղոս մը, որ տարիներէ ի վեր կը բացակայի:...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Վաղը` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Վաղը Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի սկսի իր ֆայնըլ 8-ի մրցումներու շարանը: Ժամը 16:45-ին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ կարեւոր ելոյթ մը պիտի ունենան, վերջին մրցումին արդիւնքներէն որքանո՞վ ազդուած կամ ոչ, վաղը կը գիտնանք: Վերջին մրցումին խումբի փլէյ-մէյքըր Ժատ Խալիլ վիրաւորած էր իր մկանը եւ 1 շաբաթէ ի վեր փորձերու չի մասնակցիր: Իր բացակայութեան (եթէ անշուշտ բացակայի) արդեօք...

«Էն. Պի. Էյ.»  Աթլանթա Քիչ Մը Զսպեց Տոնչիչը…

«Էն. Պի. Էյ.» Աթլանթա Քիչ Մը Զսպեց Տոնչիչը…

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Աթլանթա Հոքս, որ կը մրցէր Տալաս Մեւրիքսի դաշտին վրայ, ամէն գնով կը փորձէր «զսպել» Լուքա Տոնչիչը, որ վերջին ելոյթին (իրար դէմ) 73 կէտ նշանակած էր Հոքսի կողովին մէջ: Առաջին մասին Լուքա Տոնչիչ ոչ մէկ կէտ կրցաւ նշանակել, եւ Աթլանթա 31-25 արդիւնքով կը յաղթէր «յոգնած» Տալասին, որ 5 մրցումներ դաշտէն դուրս կատարած էր եւ...

Ֆորմիւլա 1.  Վաղը` Ճափոնի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Ճափոնի Կրան Փրին

Վաղը Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8:00-ին Սուզուքայի շրջավազքին վրայ տեղի կ՛ունենայ Ֆորմիւլա 1-ի այս տարուան 4-րդ կրան փրին: Ճափոնի կրան փրին կը բաղկանայ 53 շրջաններէ: Անցեալ տարի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն շահած էր կրան փրին` (յաղթելով նաեւ փոլ փոզիշընի մրցումին: Շրջավազքի մրցանիշը կը պատկանի Լուիս Համիլթընի, որ իր Մերսետեսով 2019-ին 1 շրջանը կտրած էր 1 վայրկեան 30,983 երկվայրկեանէն: Վաղուան այս կրան...

Պասքեթպոլ.  Սաժես Պարտութեան Մատնեց Ռիատին` «Ուասլ» Մրցաշարքի Կիսաւարտականին

Պասքեթպոլ. Սաժես Պարտութեան Մատնեց Ռիատին` «Ուասլ» Մրցաշարքի Կիսաւարտականին

Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ «Ուասլ»-ի (Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ) կիսաւարտականի 2-րդ մրցումը` Սաժեսի եւ Ռիատիի միջեւ, Սաժեսի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ, Ղազիրի մէջ: Երթին, Ռիատիի դաշտը նկատի առնուած «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ Ռիատի 95-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Սաժեսի դէմ եւ 1-0 արդիւնքով յառաջապահ, բայց չորեքշաբթի օր Սաժես կրցաւ իր ուշացումը (88-95) վերջին վայրկեանին հաւասարեցնել (95-95) եւ ստիպել երկարաձգման...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` Ռապիթաթ Ուարտանիէ –  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` Ռապիթաթ Ուարտանիէ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» համալիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ճակատագրական մրցում մը պիտի ունենայ Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ, մրցում մը, որ պիտի վճռէ Լեռնալիբանանի ախոյեանը: Այս տարուան ամբողջ աշխատանքին նպատակը այս կիրակի օրուան մրցումէն ետք կը վճռուի, երբ ՀՄԸՄ դառնայ Լեռնալիբանանի ախոյեան: ՀՄԸՄ-ի տղաքը պէտք է մոռնան վերջին մրցումը եւ կեդրոնանան այս կիրակի օրուան մրցումին...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզի 8-րդ Յաղթանակը`  Վերջին 9 Մրցումներուն

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզի 8-րդ Յաղթանակը` Վերջին 9 Մրցումներուն

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ կը պայքարի մտնելու փլէյ-օֆսի, երէկ Ուաշինկթընի մէջ կրցաւ 125-120 արդիւնքով յաղթել Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: Անթոնի Տէյվիս իր 35 կէտերէն 19-ն նշանակեց առաջին մասին եւ ձեռք ձգելով 18 ռիպաունտ օգնեց Լէյքըրզին, որ տիրապետէ Ուաշինկթընի վրայ: Լըպրոն Ճէյմս 25 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Ռուսի Հաշիմուրա աւելցուց 19 կէտ իր նախկին խումբի կողովին մէջ: Ճորտըն Փուլ եղաւ Ուաշինկթընի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Եւ Ֆիորենթինա Յաղթեցին Երթի Մրցումներուն. Պայեր Լեւերքուզըն Հասաւ Աւարտական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Եւ Ֆիորենթինա Յաղթեցին Երթի Մրցումներուն. Պայեր Լեւերքուզըն Հասաւ Աւարտական

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտականի երթի մրցումներուն, Եուվենթուս եւ Ֆիորենթինա իրենց դաշտերուն վրայ կրցան յաղթանակներ արձանագրել` յաջորդաբար Լացիօ Ռոմայի եւ Աթալանթայի դէմ: Եուվէ, շնորհիւ Ֆետերիքօ Քիեզայի եւ Տուշան Վլահովիչի կոլերուն, կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել Լացիօ Ռոմային: Ֆիորենթինա, շնորհիւ Ռոլանտօ Մանտրակորայի կոլին, կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել Աթալանթային: Դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 23 ապրիլին, Հռոմի մէջ (Լացիօ-Եուվէ), իսկ 24 ապրիլին, Պերկամոյի մէջ,...

Թենիս.  Եաննիք Սինըր 2-րդ Դիրքը Գրաւեց

Թենիս. Եաննիք Սինըր 2-րդ Դիրքը Գրաւեց

Անցեալ շաբաթավերջին Մայեմի թենիսի բաց մրցաշարքը շահելէ ետք, իտալացի Եաննիք Սինըր գրաւեց թենիսի տղոց դասաւորման 2-րդ դիրքը: Նախկին թիւ 2 թենիսմեն սպանացի Քարլոս Ալքարաս 160 կէտ կորսնցուց, երբ քառորդ աւարտականին անակնկալ պարտութիւն մը կրելով պուլկար Կրիկոր Տիմիթրովէն (6-2, 6-4) դուրս մնացած էր: Տիմիթրով 605 կէտ շահեցաւ եւ 3 դիրք բարձրանալով գրաւեց 9-րդ դիրքը: Տանիլ Մետվետեւ 600 կորսնցուց, բայց մնաց 4-րդ...

ՀՄԸՄ Այնճարի Կրտսերները` «Սթրայք Ֆորս»-ի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Այնճարի Կրտսերները` «Սթրայք Ֆորս»-ի Ախոյեան

Երեքշաբթի օր Ժտէյտէի «Օփա» դաշտերուն վրայ տեղի ունեցաւ «Սթրայք Ֆորս աքատեմի»-ի կազմակերպած տարիքային մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ ՀՄԸՄ Այնճար 2009-2010-ի ծնունդ տարիքային խումբով, ինչպէս նաեւ 2014-2015-ի ծնունդ խումբով մը: 2014-2015-ի ծնունդ մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ ՀՄԸՄ Այնճարի, որ երկար ճամբայ մը կտրելով կրցաւ բաժակով մը վերադառնալ Այնճար: Վարձքը կատար մարզիչին եւ վարչութեան, ինչպէս նաեւ կրտսեր մարզիկներուն, որոնք փայլուն ապագայ կը խոստանան:

Պասքեթպոլ.  Այս Կիրակի Կը Սկսի Ֆայնըլ 8-ը` Շանվիլ-ՀՄԸՄ Մրցումով

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` Ռապիթաթ Ուարտանիէ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» համալիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը անցեալ շաբաթ անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին Հիլալ Նասրի դէմ մրցումին, մրցում մը, որ պզտիկ «ցնցում» մը կատարեց յարմար ժամանակի մը: Ֆութպոլի մէջ օրեր կ՛ըլլան, երբ խումբ մը ինչ...

Պասքեթպոլ.  Այս Կիրակի Կը Սկսի Ֆայնըլ 8-ը` Շանվիլ-ՀՄԸՄ Մրցումով

Պասքեթպոլ. Այս Կիրակի Կը Սկսի Ֆայնըլ 8-ը` Շանվիլ-ՀՄԸՄ Մրցումով

Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին կը սկսին Լիբանանի ախոյեանութեան ֆայնըլ 8-ի մրցումները. առաջին մրցումին Շանվիլ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ եւ Շանվիլ 2 անգամ մրցած են իրարու դէմ` ախոյեանութեան առաջին եւ 10-րդ հանգրուաններուն: Շանվիլ առաջին մրցումին 98-90 արդիւնքով յաղթած էր եւ անշուշտ առաւելութիւն ունէր 3 օտարներով դաշտ ներկայանալու, բան մը, որմէ լաւապէս օգտուեցաւ, մինչ դարձին ՀՄԸՄ 84-88 արդիւնքով զիջեցաւ իր դաշտին...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ժոել Էմպիիտ Վերադարձաւ Եւ Ֆիլատելֆիան Յաղթեց

«Էն. Պի. Էյ.» Ժոել Էմպիիտ Վերադարձաւ Եւ Ֆիլատելֆիան Յաղթեց

Ժոել Էմպիետ 4 ազատ հարուածներ նշանակեց վերջին 40 երկվայրկեաններուն եւ մրցումը աւարտեց 24 կէտով, 9 շաբաթ բացակայելէ ետք` ծունկի գործողութեան պատճառով, իր խումբը առաջնորդելով յաղթանակի: Արդարեւ, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 109-105 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, մինչ Էմպիիտի վերադարձը իր խմբակիցները աւելի ինքնավստահ դարձուց: Էմպիիտ 7 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց մօտ 30 վայրկեանի ընթացքին: «Կարծեմ լաւ չէի... Բայց հասկնալի...

Page 215 of 1281 1 … 214 215 216 … 1,281

Արխիւներ