Մարտ ամսուան սկիզբէն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հովանաւորութեամբ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի միջդպրոցական «Սնիփս» ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 52 տարբեր դպրոցներու: Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի երէց տղաքը եւս կը մասնակցին այս մրցաշարքին` դառնալով միակ հայ ներկայացուցիչները:
13 խմբակներու բաժնուած 52 խումբերը շաբաթը անգամ մը կը մրցէին իրար դէմ: Այս մրցումներուն աւարտին Ս. Խաչի տղաքը կրցան 3 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելով շահիլ իրենց խմբակը:
Առաջին մրցումին 79-68 արդիւնքով յաղթանակ մը` Մոնսեֆ Ինթըրնեշընըլ Սքուլի դէմ, ապա Զահրեթ Իհսանի դէմ (86-50) եւ Սեն Քէօր Պաուշրիէի դէմ (96-56):
Տղաքը բարձր մակարդակի խաղաոճ կը կիրարկեն` գլխաւորութեամբ մարզիչ Ժոզեֆ Արապեանի, որ նախապէս ՀՄԸՄ-ի մարզիկ ալ եղած է:
Յաջողութիւն կը մաղթենք հայկական վարժարանին` Բ. հանգրուանի իր մրցումներուն: