Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, ֆութպոլի գեղեցիկ մրցումէ մը ետք, 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նուժում Պէյրութի դէմ` կատարելով իր 9-րդ եւ վերջին մրցումը:
Առաջին կէս ժամուն զգուշ խաղալէ ետք, ՀՄԸՄ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Մոհամետ Քապալանի: 2 վայրկեան ետք, Սագօ Կէօքէօզեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղի 10-րդ վայրկեանին, Մաթէօ Մատի նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 3-րդ կոլը: 70-րդ վայրկեանին Հասան Ժաուատ, ապա Սանտրօ Աուն յաջորդաբար նշանակեցին 4-րդ եւ 5-րդ կոլերը: 81-րդ վայրկեանին Հայսամ Մոքրատ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի կոլը: Մրցակից խումբը 90-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Նուժումի եւ մրցումի վերջին կոլը: Արդիւնք` 6-1, ի նպաստ ՀՄԸՄ Պէյրութի:
Վարձքը կատար բոլոր մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք կարճ ժամանակի մէջ խումբ կազմեցին եւ իրենց կարելին ըրին: Յուսանք, որ յաջորդ եղանակի պատրաստութիւնները աւելի լաւ ըլլան եւ կանուխ, որպէսզի խումբը յաջորդ դասակարգ բարձրանալու համար պայքարի, բան մը, որ համակիրները տարիներէ ի վեր կը սպասեն:
Լիբանանեան բանակի խումբը գրաւեց Պէյրութի շրջանի պարագլուխի դիրքը եւ անցաւ աւարտական հանգրուան:
Ստորեւ` 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի արդիւնքները.
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նուժում Պէյրութ 6-1
Զամալեք Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ 0-3
Արզ Պէյրութ – Պէյրութ Ֆ.Ք. 5-0
Սապիլ Պէյրութ – Անդրանիկ 0-7
Լիբանանեան բանակ – Նօլիմիթց 6-0
Դասաւորում
1 – Լիբանանեան բանակ 22 կէտ (35-7)
2 – Արզ Պէյրութ 21 կէտ (26-9)
3 – Անդրանիկ 19 կէտ (28-9)
4 – Տինամօ Պէյրութ 19 կէտ (21-11)
5 – Սապիլ 15 կէտ (20-21)
6 – Նուժում Պէյրութ 15 կէտ (22-24)
7 – ՀՄԸՄ Պէյրութ 12 կէտ (22-24)
8 – Պէյրութ Ֆոքօ 6 կէտ (17-32)
9 – Նօլիմիթց 2 կէտ (9-40)
10 – Զամալեք Պէյրութ 1 կէտ (6-39)
Արզ Պէյրութ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի 4-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ, եւ յաղթականը կը մասնակցի աւարտական հանգրուանին: